2010-09-10 12:46:55

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը Ս. Երկրին համար կը բաղձայ արդար խաղաղութիւն մը։


Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը վերապատուելի Օլավ Թվէյթ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով, Երուսաղէմ կատարած այցելութեան աւարտին, պահանջած է արդարութիւն պաղեստինցիներուն համար եւ անվտանգութիւն հրեաներուն համար։

Ըստ վերապատուելիին, միայն այսպէսով կարելի պիտի ըլլայ խաղաղութեան հաստատումը Ս. Երկրին մէջ։

Անոր այցելութիւնը Երուսաղէմ ունէր որպէս նպատակակէտ օգնութեան հասնիլ շրջանի քրիստոնեաներուն եւ ամրապնդել կապերը Ս. Երկրի եկեղեցիներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.