2010-09-10 12:53:13

Աւետարաններու Ընթերցման Ձայնասկաւարակներ:


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Բաժանմունքը կը յայտնէ, թէ Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Կիլիկեան Ս. Աթոռը հրապարակած է Աւետարաններու ընթերցման ձայնասկաւառակները: Սոյն աշխատանքին մեկենասութիւնը ստանձնած են, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի նախկին սարկաւագներէն՝ Ֆրէզնոյաբնակ՝ Բարշ. Մարք Սրկ. Շիրին եւ Բարշ. Ռաֆֆի Սրկ. Տէր Սիմոնեան:

ՙԼսենք Աստուծոյ Խօսքը Աստուածաշունչի ճամբով՚ խորագրին տակ հաւաքուած 11 ձայնասկաւառակներէ բաղկացած հաւաքածոն, կը ներկայացնէ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի չորս Աւետարաններուն ամբողջական ընթերցումը: Ըստ Մատթէոսի, ըստ Մարկոսի, ըստ Ղուկասի եւ ըստ Յովհաննէսի Աւետարանները ընթերցուած ունենալու այս աշխատանքը նպատակ ունի հայ հաւատացեալին օգտակար հանդիսանալ, ունկնդիր ըլլալու Աստուծոյ Խօսքին:

Այստեղ ներկայացուածը Աւետարաններուն ամբողջականութիւնն է, գլուխներու հերթականութեամբ ընթերցուած, որպէսզի ներկայ խճողեալ կեանքին մէջ իսկ, երբեմն ինքնաշարժով ճամբորդած ժամանակ, առիթ ունենայ հայ հաւատացեալը ունկնդիր դառնալու Աստուծոյ Խօսքին: Նաեւ, նկատի առնելով հայերէն կարդալու դժուարութիւն ունեցող սերունդը, ինչպէս նաեւ տարեց այն սերունդը, որ տեսողութեան դժուարութիւն ունի, կատարուած է այս աշխատանքը:       

Յայտնենք, որ Նոր Կտակարանի միւս գիրքերը, ինչպէս նաեւ Հին Կտակարանի ընթերցուած տարբերակը հրապարակելու աշխատանքը ընթացքի մէջ է:

Լեւոն Մելիքսէթ-Բեկ Պատմա-բանասիրական պրպտումներ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութիւնը լոյս է ընծայել Պատմա-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ մատենաշարի Դ հատորը՝ պրոֆէսոր Լեւոն Մելիքսէթ-Բեկի Պատմա-բանասիրական պրպտումները՝ աշխատասիրութեամբ Պարոյր Մուրադեանի։ Բովանդակային առումով գիրքը բաժանուած է երեք մասի՝ մատենգարական եւ մատենագիտական պրպտումներ, պատմութիւն եւ բանահիւսութիւն, վիմագիր վկայութիւններ։

Պրոֆ Լեւոն Մելիքսէթ-Բեկը Հայոց պատմութեան, մատենագրութեան ու մշակոյթի անդադրուն հետազօտող էր, ակադեմիկոս Նիկողայոս Մառի սահմանած Հայ-վրացական բանասիրութիւն գիտակարի երեւելի ներկայացուցիչը։ Գիտնականը Արարատ եւ Էջմիածին հանդէսների տեւական ու ցանկալի հեղինակներից էր, հմուտ Հայոց եկեղեցական պատմութեանը։

Պրոֆէսորի ծննդեան 120-ամեակի տօնախմբման օրերին Ս Էջմիածինը նրա յիշատակը հարում է հայերէն հրատարակուած աշխատութիւնների այս Ընտրանու տպագրութեամբ։ Գիրքը տպագրուել է Սարգիս Գաբրիէլեան հիմնադրամի մեկենասութեամբ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.