2010-09-10 12:47:24

՜՜Հայ Կինը Զարթօնքէն Եղեռն՝՝ Նիւթով Զեկուցում։


ՀՕՄ-ի 100-ամեակին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի 2010-ը Հայ կնոջ տարի հռչակելուն առիթով Համազգայինի Սանահին մասնաճիւղը որոշեց հայ կինը ընտրել որպէս իր 2010-ի հայագիտական դասընթացքի առանցքային նիւթը։ Արդարեւ, մասնաճիւղի հայագիտական յանձնախումը որոշեց աւանդական հնգօրեայ դասընթացքին՝ 11-12 սեպտեմբերի շաբաթավերջին կազմակերպել լսարան մը՝ ՜՜Հայ կինը Զարթօնքէն Եղեռն՝՝ նիւթով, եւ հարցը զանազան տեսանկիւններէ ներկայացնելու համար հրաւիրել չորս մտաւորականներ առաջին երեքը՝ Մոնրէալէն, իսկ չորրորդը՝ Նիւ Եորքէն։

Զեկուցաբերներն են՝ դոկտ. Այտա Պուճիգանեան, որ պիտի ներկայացնէ ՜՜Ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական պայմանները ԺԹ. դարուն՝՝ նիւթը, դոկտ. Սիմա Աբրահամեան-Յովհաննէսեան, որ պիտի խօսի ՜՜Օսմանեան կայսրութեան մէջ կնոջական շարժումները՝՝ նիւթին մասին, դոկտ. թեկնածու Վիգէն Թիւֆենքճեան, որ պիտի ներկայացնէ ՜՜Կնոջ ինքնութեան բնութագրումը Զապէլ Ասատուրի եւ Զապէլ Եսայեանի երկերուն մէջ՝՝ նիւթը, դոկտ. Նանոր Գպրանեան, որ պիտի խօսի ՜՜Սիրե՞լ, թէ պատժել - Յակոբ Օշականի թրքուհին՝՝ նիւթին շուրջ։

Իւրաքանչիւր դասախօսութեան պիտի հետեւի հարց-պատասխանի բաժին մը, նաեւ տեղի պիտի ունենան վարժանիստեր, որոնց առաջինը պիտի վարէ Վրէժ-Արմէն Արթինեան, իսկ երկրորդը՝ Յարութիւն Պէրպէրեան։

Յայտնենք, որ պիտի ներկայացուի Զապէլ Եսայեանի կեանքի վերջին շրջանին նուիրուած ժապաւէն մը, Երկիր-մետիա հեռատեսիլի ՜՜Գաղտնի թղթապանակ՝՝ հաղորդաշարէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.