2010-09-09 13:20:04

Փաքիստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Ողողումներու Հետեւանքով Գարիթասի Նոր Կոչը։


Փաքիստանի մէջ զոհերու թիւը օրէ օր կը բարձրանայ օգոստոս ամսուայ հեղեղային անձրեւներուն հետեւանքով, ու նաեւ՝ աղէտեալներուն պահանջքները կը բազմանան։

Երկրին գրեթէ մէկ հինգերորդը ջրհեղեղի տակ է, գիւղեր ամբողջութեամբ արդէն անհետացած են, եւ վերջին մտահոգիչ լուրը այն է թէ, կալուածային մեծ ընկերութիւնները իրենց հողերն ու կալուածները ազատելու համար կը ջանան արուեստական ճամբաներ շինել գետերու հոսանքը փոխելու նպատակով, այսպէս վտանգի մատնելով շատ մը ուրիշ փոքր գիւղեր։

Այսպիսի դժուար կացութեան մը առջեւ, Գարիթաս Փաքիստանը, այլ երկիրներու Գրիթասներու օգնութեամբ՝ որոնց շարքին նաեւ՝ Իտալական Գարիթասը, կը շարունակեն անընդհատ գործել լաւագոյն կերպով օգնութեան հասնելու եւ բնակչութեան կարիքները հոգալու համար։

Այս նպատակին դիտաւորութեամբ, Գարիթասը ի գործ դրաւ 10.6 միլիոն էուրոյի վեցամսեայ ծրագիր մը, յատկացուած 360 հազար հոգիի կարիքները հոգալու, մասնաւոր կերպով հայթայթելու անոնց ուտեստեղէն, վրաններ, դեղեր, եւ ապահովելու՝ բժշկական դարմանումներ եւ ենթակարոյցներ։

Այս տխուր իրավիճակի սկիզբէն ի վեր, Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Դասը մէկ միլիոն էուրօ յատկացուց, որպէս օգնութիւն , հրաւիրելով եկեղեցական տեղական համայնքները աղօթելու եւ զօրակցութիւն ցոյց տալու Իտալական Գարիթասի եղբայրօգնութեան ծրագիրներուն։

Իտալական Գարիթասը ողողումներուն պատճառած՝ ներկայ անորոշ եւ դժուար իրավիճակի օգնութեան հասնելու համար, վերջերս դրամահաւաքի նոր կոչ մը ուղղած է, կարօտեալներուն եւ ողողումի զոհ ընտանիքներուն կարիքներու հոգատարութիւնը ապահովելու նպատակով։ Իտալական Գարիթասը, մինչեւ այսօր, օգնութեան հասած է 30 հազար հոգիէ բաղկացած աւելի քան 4.795 ընտանիքներուն, զոհ՝ ողողումներու, եւ որոնք վնասներ կրած հինգ թեմերու մէջ. խնդրոյ առարկայ հինգ թեմերն են.(Մուլթան, Գուէթթա, ֆայսալապատ, Իզլամապատ եւ Հայտերապատ)։








All the contents on this site are copyrighted ©.