2010-09-09 13:13:33

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը ։


Նորին Սրբութեան Ունկնդրութիւնը Գաբօ Վերտէի Վարչապետին։

Այսօր հինգշաբթի 9 սեպտեմբեր 2010, Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի ամառնային պալատին մէջ ընդունեց Պրազիլի Եպիսկոպոսական Դասի հինգ եպիսկոպոսներ եկած՝ կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։



Իսկ երէկ՝ Չորեքշաբթի 8 սեպտեմբեր 2010-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին հանդիպում ունեցաւ Գաբօ Վերտէի վարչապետ` տիար Խոսէ Մարիա Բերէյրա Նէվէսի հետ, որը նախապէս հանդիպում ունեցած էր նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Պերթոնէի, եւ Վատիկանի արտգործ նախարար Գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի հետ։ Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ եղաւ ՜՜երկու պետութիւններու միջեւ, եւ եկեղեցւոյ բերած օժանդակութիւնը համայն երկրին բարելաւման՝՝ մասին։ Յոյս յայտնուեցաւ կատարել աւելի խիտ եւ պտղաբեր համագործակցութիւն մը, եւ որոշուեցաւ երկկողմանի յանձնախումբ մը հիմնել պայմանագիրի մը շարադրութեան Գաբօ Վերտէի եւ Վատիկանի պետութեան միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.