Սեպտեմբեր 5-ին Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հովուապետական այցով մեկնեցաւ ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան
թեմ։ Այցի ծիրէն ներս, Սեպտեմբեր 11-ին Պըրպենք քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ թեմի առաջնորդանիստ
Ս. Ղեւոնդ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը։ Սեպտեմբեր 12-ին՝ Խաչվերացի տօնին,
նորաօծ տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ։ Իսկ Սեպտեմբեր 9-ին, Ամերիկայի Միացեալ
Նահանգներու Հայոց Արեւելեան թեմին մէջ (Պոսթընի մէջ) Գարեգին Բ-ի հանդիսապետութեամբ,
տեղի կ՝ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի օրհնութեան արարողութիւնը։