Մեսրոպեանի Տեղեկատուական/ Ուսումնասիրական Խմբակի Այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Լիբանան - Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական
աշակերտական խմբակին անդամները, ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստին
եւ խմբակի խորհրդատու ուսուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեանին 7 սեպտեմբեր 2010-ին, այցելեցին Հայ
կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս
ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ։
Հանդիպման ընթացքին վարժարանի տնօրէն Կրէկուար
Գալուստ ներկայացուց տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին կարեւորութիւնն
ու հետապնդող նպատակները, մանաւանդ լրատուական մարզին համար երիտասարդ մարդուժ պատրաստելու
հեռանկարը։