2010-09-08 12:57:27

Մարդկային իրաւանց Եւորպական դատարանը Հրանդ Տինքի հարցով իր վճիռը պիտի հրապարակէ 14 սեպտեմբերին։


Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը 14 սեպտեմբերին Հրանդ Տինքի հարցով Թուրքիոյ դէմ ներկայացուած դատական հարցին վերաբերեալ իր վճիռը պիտի արձակէ։ Դատարանը Տինքի հարցով իր ընտանիքին ներկայացուցած հին անջատ դիմումները իրարու միացուցած է, եւ անոնց վերաբերեալ իր վճիռը պիտի հրապարակէ 14 սեպտեմբերին։
Տինքի ընտանիքը իր դիմումին մէջ կը նշէ, որ Թուրքիա բռնաբարած է Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական ուխտի 2-րդ յօդուածը, որ կը վերաբերի ապրելու իրաւունքին, 10-րդ յօդուածը, որ կը վերաբերի խօսքի ազատութեան, 13-րդ յօդուածը, որ կը վերաբերի ազդու դարմանում ստանալու իրաւունքին։
Տինքի ընտանիքը յայտնած է, որ թրքական պետութիւնը Հրանդ Տինքի կեանքը պաշտպանելու եւ ազդու հետաքննութիւն մը կատարելու իր պարտաւորութիւնը չէ կատարած։ Ընտանիքը նաեւ կը բողոքէ Հրանդ Տինքի նկատմամբ արձակուած թրքական դատարանի մը վճիռին դէմ, որ զինք ազգայնական խմբաւորումներու թիրախ դարձուցած էր։ Հրանդ Տինք 2006-ին թրքական քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածին հիմամբ դատապարտուած էր թրքական ինքնութիւնը անարգելու յանցանքով։ Հրանդ Տինք սպաննուած է 19 յունուար 2007-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.