2010-09-08 12:54:00

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Մանկատան Շէնքի Բացման Արարողութիւնը


Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ 2 Սեպտեմբերին, տեղի ունեցաւ Ս. Գայանէ վանքին մէջ գտնուող Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մանկատան շէնքի բացման արարողութիւնը։ Շէնքը հիմնովին վերանորոգուծ է լոնտոնաբնակ Քիւրքճեան ընտանիքի բարերարութեամբ՝` ի յիշատակ հոգելոյս տիար ՃորՃ Քիւրքճեանի և անոր դստեր Մարինա Քիւրքճեանի։ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուոյ ընկերային ծրագիրներու շարքին սոյն մանկատան բացումը կարևոր ձեռնարկ մըն քանի որ անով Եկեղեցին որբախնամ գործունէութիւն կ՝իրականացնէ։ Մանկատունը նախատեսուած է կարիքաւոր ընտանիքներու և ծնողազուրկ 42 մանուկներու ու պատանիներու համար, որոնք կ՝ուսանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Էօրնեկեան հանրակրթական դպրոցին մէջ, կը յաճախեն Էջմիածնի Հայորդեաց տունը։ Բացի Մայր Աթոռի մանկատան շէնքի հիմնանորոգութենէն Քիւրքճեան ընտանիքը ստանձնած է նաև մանկատան յետագայ գործունէութփան հովանաւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.