2010-09-08 12:40:51

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ։


Խորէն Արք. Գալֆայեան (Նարպէյ, 1831-1892).
Ինքնատիպ Հայ Հոգեւորական մը.

6 Սեպտեմբերին ծննդեան տարեդարձն էր Խորէն Արքեպիսկոպոս Գալֆայեանի, որ ինչպէս իր ժամանակակիցներուն, նոյնպէս եւ հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ՝՝Խորէն Նարպէյ՝՝ գրչանունով, մնայուն տեղ գրաւեց՝ իբրեւ հայ ժողովուրդի արժէքաւոր, այլեւ վիճայարոյց ծնունդներէն մէկը։

6 Սեպտեմբեր 1831ին Կ. Պոլիս ծնած Գալֆայեան Խորէնը, ծննդավայրին մէջ տարրական կրթութիւն ստանալէ ետք, ղրկուեցաւ Վենետիկ, ուր Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի ուսումնական շրջանը աւարտելէ յետոյ, միացաւ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ դարձաւ անոր ամէնէն աշխոյժ մտաւորական գործիչներէն մէկը։ Եւրոպական լեզուներուն հմուտ, հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան տիրապետած եւ եւրոպական մշակոյթին սերտօրէն կապուած երիտասարդ վարդապետը շուտով ուշադրութիւն գրաւեց՝ Բազմավէպի էջերուն լոյս ընծայած իր ինքնուրոյն եւ թարգմանական երկերով։ ՝՝Նարպէյ՝՝ գրչանունը հոմանիշ դարձաւ գեղարուեստական որակով խոստմնալից բանաստեղծի մը, որ գրաբարի եւ աշխարհաբարի կամրջման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցաւ՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ազգային-հայրենասիրական շունչով առաջնորդուելով եւ Շէյքսփիրի, Լամարթինի ու Հիւկոյի տարողութեամբ մեծութիւններու լաւագոյն գործերուն հայերէն թարգմանը հանդիսանալով։

Անհանդարտ խառնուածքի տէր անհատականութիւն էր Խորէն Նարպէյ, որ երկար չդիմացաւ Մխիթարեան միջավայրին մէջ։ 1854ին, Գաբրիէլ Եպս. Այվազովսքիի (որ Բազմավէպի հիմնադիր խմբագիրներէն եղած էր) գլխաւորած երիտասարդ միաբաններու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերադառնալու շարժման միանալով, Նարպէյ հրաժարեցաւ Մխիթարեաններէն եւ, ընդհանրապէս, Կաթողիկէ եկեղեցիէն ու անցաւ Փարիզ, ուր ոգեւորութեամբ փարեցաւ Այվազովսքիի նախաձեռնած Մասեաց Աղաւնի հանդէսի հրատարակութեան գործին, միաժամանակ շարունակելով Մխիթարեաններու կողմէ իրեն վստահուած ուսուցչական պաշտօնը Փարիզի Մուրատեան վարժարանին մէջ։

Փարիզեան իր գործունէութեան շրջանին Նարպէյ մօտէն ծանօթացաւ ու մտերմացաւ ֆրանսացի գրողներու եւ մտաւորականներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական երիտասարդ գործիչներու հետ, որոնց հետ կապ պահպանեց մինչեւ վերջ։ Յատկապէս Լամարթինի մտերիմն էր, որուն Դաշնակք գործը հայերէն թարգմանութեամբ լոյս ընծայեց 1859ին։

1860ականներուն սկիզբը հեռացաւ Փարիզէն եւ գործեց, յաջորդաբար, Թէոդոսիայի, Էջմիածնի ու Երուսաղէմի մէջ, ուր Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ 1867ին։ Իբրեւ թեմակալ առաջնորդ կարճատեւ շրջան մը Ռումանիա ապրելէ ետք՝ 1870ին փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր ծաւալեց ազգային-հոգեւորական եւ գրական-հասարակական բեղուն գործունէութիւն։ Նարպէյ 1863ին լոյս ընծայեց իր բանաստեղծական երեխայրիքը՝ Վարդենիքը, որ մէկ կողմէ գրաբարեան արտայայտելաոճի իր կապուածութեամբ, իսկ միւս կողմէ ժամանակի մտայնութեան հետ անհաշտ որոշակի սեռականութիւն մատնող յուզաշխարհով տեղի տուաւ թեր եւ դէմ քննադատութեանց։
Նարպէյ ծաւալեց նաեւ քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն, յատկապէս 1877-1878ի ՌուսԹրքական պատերազմի ժամանակ, երբ ոչ միայն հանդէս եկաւ Հայկական Հարցի պաշտպանութեան նուիրուած հրապարակային ու ատենախօսական ելոյթներով եւ յօդուածներով, այլեւ՝ դիւանագիտական աշխոյժ աշխատանքներով՝ ցարական իշխանութեանց հայանպաստ դիրքորոշումը ապահովելու առաջադրանքով։ Այդ նկատառումով ալ Խրիմեան Հայրիկ իր Պերլինեան պատուիրակութեան կազմին մէջ առաւ Նարպէյը՝ իբրեւ խորհրդական ու թարգման։
Բայց թէ՛ հայ եկեղեցականութեան շարքերուն մէջ իր մրցակիցներուն չարախօսութիւնները, եւ թէ ցարական իշխանութեանց կողմէ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած մեծարանքները պատճառ դարձան, որ Ապտիւլ Համիտ կասկածելի հռչակէ Նարպէյին
Եւ 4 Նոյեմբեր 1892ին, լուսաբանական տեսակցութեան մը համար Պոլսոյ ոստիկանութեան կեդրոններէն մէկը հրաւիրուեցաւ եւ հոն թունաւոր սուրճով հիւրասիրուելով՝ կտրուեցաւ կեանքի թելը Խորէն Արք. Գալֆայեան Նարպէյի, որ իբրեւ հոգեւորական եւ բանաստեղծ, մանկավարժ ու հասարակական գործիչ, իր ուրոյն պատուանդանը գրաւած էր հայ իրականութեան մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.