2010-09-07 12:56:53

Փիթըր Սեմնեպի Եւրոպական Միութեան մտահոգութիւնը կը յայտնէ զինադադարի խախտումներու գծով։


Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի Ազրպէյճանի մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է Ղարաբաղ- Ազրպէյճան ճակատային գիծին վրայ վերջին շրջանին տեղի ունեցող միջադէպերուն առնչութեամբ։ Եւրոպացի դիւանագէտը չէ ուզած մեկնաբանել ազրպէյճանցի լրագրողներու հարցումը ՝՝ազրպէյճանցի զինուորի մարմինի՝ հայկական կողմը գտնուելուն մասին՝՝։ Ատիկա ԵԱՀԿ-ի գործն է այսպիսի հարցերով զբաղող այլ մարդասիրական կազմակերպութիւններ կան։ Մինչեւ որ այդ խնդիրը լուծում չգտնէ, ես մեկնաբանութիւն պիտի չկատարեմ(ըսած է Սեմնեպի)։







All the contents on this site are copyrighted ©.