Նիւ Եորքի Բնակչութեան Երկու Երրորդը Հակառակ Է ՜՜Կրաունտ Զիրօ՝՝ Կոչուած Վայրին Մէջ
Մզկիթի Մը Շինութեան։
Ըստ ՜՜Նիւ Եորք Թայմզի՝՝ կատարած հարցախոյզին` Նիւ Եորքի բնակչութեան երկու երրորդը դէմ
արտայայտուած է ՜՜Իսլամական կեդրոնի՝՝ մը շինութեան ՜՜ՙԿրաունտ Զիրո՚՝՝ կոչուած վայրին
մէջ - ուր 11 սեպտեմբեր 2001-ին, տեղի ունեցած էր ահաբեկչական մահափորձի ոճիրը, պատճառելով
աւելի քան 3000 զոհեր։ Հարցաքննուողներու մեծամասնութիւնը սակայն համաձայն գտնուած է
առաջարկելու եւ գտնելու ՜՜կեդրոնի՝՝ շինութեան տարբեր վայր մը, հաստատելով որ Իսլամ
Համայնքն ալ իրաւունք ունի իր կեդրոնը ունենալու։ Սի էՆ էՆ ամերիկեան հեռուստատեսիլի
համաձայն, ամերիկացիներու 70 ար հարիւրը հակառակ է այս ձեռնարկին։
Յիշենք թէ
ձեռնարկը ստացած է Ամերիկայի Նախագահ Պարագ Օպամայի օրհնութիւնը։ ։
Ամերիկացիներու
Հանրային կարծիքը կը մնայ բաժնուած երկու մասի` մինչ երբեմնի ՜՜թուին թաուըր՝՝ի շէնքերուն
հողամասին վրայ, նախատեսուած 400 ՜՜խոզկաղնիի՝՝ ծառերէն, տնկուեցան 16-ը խորհրդանշելու՝
խաղաղութեան եւ յոյսի փափաքը։