2010-09-07 13:00:49

՜՜Խաղաղութեան Յոյսեր՝՝ Վատիկանի Ձայնասփիւռի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։


Մինչ Ուաշինկթընի մէջ տեղի կ̓ ունենար Իսրայէլ - Պաղեստին երկխօսութեան հանդիպումը, հովանաւորութեամբ` Ամերիկայի պետութեան, Գասթել Կանտոլֆոյի պալատին մէջ Նորին Սրբութիւնը ̓ կ'ընդունէր Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսը ու անոր կը հաղորդէր այս խորհրդակցական համաձայնագրի յաջողութեան ի խնդիր, իր, եւ համայն եկեղեցւոյ յոյսը, մաղթելով նաեւ ՜՜Սուրբ Երկրի եւ ամբողջ շրջանի մէջ հաստատ եւ մնայուն խաղաղութիւն մը՝՝ որ կը յարգէ ՜՜երկու ժողովուրդներու արդար ձգտումները՝՝ կը գրէ Հայր Լոմպարտին իր խմբագրականին մէջ։

Ոչ մէկը կրնայ ծածուկ պահել դժուարութիւնները եւ խոչընդոտները, որոնց կարելի է հանդիպիլ այս ուղեւորութեան ընթացքին, կը շարունակէ Հայր Լոմպարտին, նամանաւանդ՝ այս գծով անցեալին արձանագրուած ձախողութիւններէ ետք, ուր շատեր ամէն ջանք կը թափէին համաձայնութեան դէմ գործելու ։

Երկխօսութեան ուղին միակ միջոցն է կերտելու ապագայի արդար խաղաղութիւն մը որուն յիրաւի ամէնքս կը ձգտինք նոյնիսկ եթէ շատ անգամ ատելութիւնն ու ոխը կուրցուցած են բոլորին աչքերը։

Երկխօսութեան Ճամբան Եկեղեցւոյ ցոյց տուած ճանապարհն է, որ Սրբազան Քահանայապետը հաստատած էր անցեալ տարի Երուսաղէմ կատարած իր այցելութեան ընթացքին։ Իրեն կը միանայ նաեւ Նախագահ Շիմոն Փերեսը Քահանայապետի նուիրած ՚Մենորահի՚ մոմակալի վրայ արձանագրուած ՜՜Նորին Սրբութիւն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, հովիւը՝ որ յանձն առաւ մեզ առաջնորդել դէպի օրհնաբեր եւ խաղաղ դաշտեր։Մեծ Գնահատումներով՝՝ գրութեամբ։

Քաղաքական մարդոց յանձնարումին կ̓ ընկերակցի յանձնառումը՝ Կրօնական Բարոյական Բարձր Հեղինակութիւններու։ Խաղաղ օրեր պիտի հասնին արդե՞ՙ ք, հարց կու տայ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին ու կ̓եզրափակէ ՜՜ամէնքվ պէտք է այս ուղղութեամբ աշխատինք՝՝։ 





 








All the contents on this site are copyrighted ©.