2010-09-07 12:36:07

2010-Ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ .


Շահանդուխտ եւ ՝՝Հանդիպումներ Հայուհիներու հետ՝՝ հատորը։
Շահանդուխտին լոյս ընծայած վերջին հատորը՝ ''Հանդիպումներ Հայուհիներու հետ'' խորագրեալ մաս կը կազմէ գաղութի զարգացման ընթացքը ուրուագծող դէմքերու եւ դէպքերու ներկայացման գրողի մնայուն ճիգին։ Այս հատորին մէջ ներկայացուած է բոլոր տիպարները իգական սեռի ներկայացուցիչները, որոնք նախորդ դարու 20-ական թուականներու կէսերէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը կրթական, մշակութային, գրական, լրագրական, արուեստի, առողջապահական թէ միութենական մարզերուն իրենց նկատառելի ներդրումը ունեցած են գաղութային կեանքի վերելքին մէջ։
Պատահական չէ գիրքին լոյս ընծայումը այս տարուան ընթացքին։ 2010 թուականը Լիբանանի գաղութահայ կեանքին մէջ նշանաւորուեցաւ քանի մը հիմնական իրադարձութիւններով, որոնք լուսարձակները կեդրոնացուցին հայ կնոջ տիպարին եւ դերակատարութեան վրայ։ Առաջին իրադարձութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսին կողմէ 2010 թուականը Հայ կնոջ տարի հռչակելն էր։ Այս հռչակումը ինքնին խթան մըն էր, որ տարւոյն ամբողջ տեւողութեան հայկական միութենական կեանքի զանազան բաղադրիչներ իրենց մտասեւեռումի առարկան դարձնէին հայ կնոջ ազգային դերակատարութիւնը։
Միւս երկու իրադարձութիւններն էին՝ Հայ օգնութեան միութեան 100-ամեայ եւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 80-ամեայ յոբելեանները, որոնց առիթով Լիբանանի մէջ ստեղծուեցաւ իւրայատուկ եռուզեռ։ Այս երկու յոբելեաններուն ալ առիթով կազմակերպուեցաւ յոբելենական պատկառելի ձեռնարկներու շարք մը։ Շահանդուխտի Հատորին սկիզբը զետեղուած խօսքին մէջ կը նշուի Հոգածու մօր եւ հանրանուէր կնոջ ամբողջ խորհուրդ մը կը մարմնաւորէ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, որ արդէն 80 տարուան հանրային ծառայութեան հարուստ վաստակ մը կապած է իր անունին։ Հայուհիներու այս միութիւնը միութիւն ըլլալէ առաջ ու վեր եղաւ ուժական ու գործօն ներկայութիւն կեանքի մայր էջին վրայ։
Հատորին մէջ Շահանդուխտ իւրաքանչիւրին համար հակիրճ նօթերու մէջ, ներկայացուած է 35 երախտաւոր կիներու անուն։ Վստահաբար այս թիւէն շատ աւելի կրնայ ըլլալ գաղութի կեանքին մէջ ներդրում ունեցած կիներուն թիւը, սակայն Շահանդուխտին ներկայացուցածը պարզապէս ներկայացուցչական պատկեր մըն է կիներու այդ հոյլէն։
Քանի մը միտքերով Շահանդուխտ կը գծէ իւրաքանչիւր կին տիպարի պատկերը։ Անիկա, նախ պատիւ ու յարգանք է՝ մատուցուած արժանաւորներուն։ Մատուցուած՝ այդ երախտաշատ կիներուն նուիրուած տարուան առիթով։ 







All the contents on this site are copyrighted ©.