2010-09-06 14:03:51

Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէն՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Պատասխանը Սագինէի՝ Իրանցի Տիկինին Հարցին Մասին։


՜՜Սուրբ Աթոռը շատ մօտէն կը հետեւի հարցին՝՝ յայտարարած է Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին անդրադառնալով Իրանի մէջ ՜՜Սագինէ՝՝ անուան կնոջ պարագային որ Իրանի իսլամական սահմանադրութեան համաձայն, դատապարտուած է մահուան քարկոծումի դրութեամբ։

Եկեղեցւոյ կեցուածքը յստակ է ըսած է Հայր Լոմպարտի` ան հակառակ է մահուան դատապարտութեան։

Երբ Սուրբ Աթոռէն միջամտութիւն մը կը խնդրուի ՜՜ուրիշ երկիրներէն ներս մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր՝՝ ան սովոր է օգտագործել իր դիւանագիտական միջմտութիւնը, այս գծով է որ Սուրբ Աթոռը կը հետքրքրուի հարցով։








All the contents on this site are copyrighted ©.