2010-09-06 13:14:39

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցը Հալէպ:


Հ Հ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան 23 Օգոստոսին մէկօրեայ աշխատանքային այց կատարեց Սուրիոյ հայաշատ քաղաք Հալէպ ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հալէպի հայ համայնքի ղեկավարներուն հետ: Հանդիպումներու շարքը սկիզբ առաւ հայոց Բերիոյ թեմի առաջնորդարան այցելութեամբ՝ ուր դիմարուեցաւ առաջնորդ Շահան եպս. Սարգսեանի կողմէ. այս առթիւ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց անկեղծ համագործակցութեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող ծրագիրներուն, թեմի առաջնորդին ցուցաբերած՝ աջակցութեան համար: Շահան եպս. իր կարգին ողջունեց նախարարը եւ նշեց, որ ՜՜Սփիւռքի դիրքորոշումը Հայրենիքի նկատմամբ կը փոխուի ՜՜դիտորդի վիճակէն վերածուելով մասնակիցի կարգավիճակի, որու մէջ իր վճռական դերն ունի ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը՝՝: Բերիոյ թեմի ներկայացուցիչները- ըսաւ առաջնորդը- տրամադրուած են շարունակելու փոխվստահելի եւ անկեղծ գործակցութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ:

Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի եւ Հայ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումին՝ նախարար Յակոբեան վեր առաւ Հայ Աւետարանական համայնքի աշխատանքը նշելով՝ որ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի ռեկտոր վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի աջակցութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան երկու աշխատակիցներ մէկ ամիս մասնակցեցան Հայկազեան համալսարանի կողմէ կազմակերպուած դասընթացքներուն: Վերապատուելին նշեց, որ թէեւ Սուրիոյ հայ Աւետարանական համայնքը մեծ չէ, սակայն անոնց բոլորին սրտերը Հայաստանով կը է բաբախէ:

Բերիոյ թեմի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան այցին, Սփիւռքի նախարարը ընդունուեցաւ Արհիապատիւ Տ. Պետրոս արք. Միրիաթեանի կողմէ։

Հանդիպման ընթացքին նախարար Յակոբեան ներկայացուց նախարարութեան ծրագրերը: Մասնաւորապէս խօսուեցաւ մասնագիտական համաժողովներուն ՜՜Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ՝՝ եւ ՜՜Արի տուն՝՝ ծրագիրներուն մասին: Պետրոս արք. Միրիաթեան ընդգծեց, որ յատկապէս կարեւոր են երիտասարդներու այցելութիւնները Հայրենիք եւ նշեց, որ յաջորդ տարի Բերիոյ թեմի հայ կաթողիկէ համայնքի երեխաները եւս պիտի մասնակցին ՜՜Արի տուն՝՝ ծրագրին:

Այնուհետեւ նախարարը տեսակցութիւն ունեցաւ Հալէպի Հայ Բարեգործական ընդհ. Միութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Խօսակցութեան նիւթ եղաւ ՜՜ համայնքի երիտասարդական, մշակութային եւ կրթական հիմնախնդիրները: Բարեգործականի նեկայացուցիչները յատկապէս ընդգծեցին արեւմտահայերէն դասագիրքերու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը: Ի պատասխան, նախարար Յակոբեան ըսաւ որ ՜՜վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին որպէս արդիւնք մասնագէտները որոշեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանիին ներքոյ ստեղծել մասնագէտներու խումբեր, որոնք համատեղ պիտի մշակեն եւ տպագրութեան պատրաստեն արեւմտահայերէնի դասագիրքեր՝՝:

ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսարանին մէջ, Սփիւռքի նախարարը հանդիպում ունեցաւ Հալէպի հայ աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Նախարարը ներկայացուց ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական քաղաքականութիւնը Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներու մէջ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հեռանկարները:

Հալէպի մէջ գործող՝ մշակութային, մարզական, բարեսիրական եւ երիտասարդական բոլոր կազմակերպութիւններու եւ ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումին, Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները։ Խօսուեցաւ դպրոցներու հիմնախնդիրներու եւ մշակութային ծրագիրներու մասին: Մասնակիցները նշեցին, որ սփիւռքի նախարարութեան համակարգող դերը եւ համախմբելու ուղղուած ջանքերը վերջին երկու տարիներու ընթացքին, ուժեղացուցած են կապը Հայրենիքին հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.