2010-09-05 11:19:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Կիրակի 5 սեպտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետը հովուականն այցելութիւն կատարեց Իտալիոյ Գարբինէթօ Ռոմանօ շրջանի Անանյի Ալաթրի թեմը, Լեւոն ԺԳ Պապին ծննդեան երկու հարիւր ամեակի առիթով։

Առաւօտեան ժամը 8.30 ին Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի պապական ամարանոցի պալատէն ուղղաթիռով մեկնեցաւ դէպի Գարբինեթօ Ռոմանօ։

Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Անանյի-Ալաթրի թեմի եպիսկոսպոս՝ Գերապայծառ Լորէնցօ Լոբբայի, Իտալիոյ փոխ վարչապետ Ճաննի Լեթթայի, Վատիկանի մօտ Իտալիոյ դեսպան Անթոնիօ Զանարտի Լանտիի, Վատիկանի Առաքելական դեսպան Ճուզեբբէ Պերդելլօ Արքեպիսկոպոսի, Գարբինեթօ Րոմանոյի քաղաքապետ Գուիրինօ Պրիկանդիի եւ Գարբինեթոյի ժողովրդապետ՝ հայր Ճիուզեբբէ Կիրելլիի կողմէ։

Պաշտօնական ողջոյներէ եւ նուէրներու փոխանակումէն ետք, ժամը 9.30 սրբազան քահանայապետը նախագահեց բացօթեայ սրբազան արարողութիւնը Մոնդի Լեպրինի կոչուած վայրին մէջ։ Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը տեղական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հակիրճ հադիպում մը ունեցաւ, որմէ յետոյ վերադարձաւ Գասդել Կանտոլֆոյի Ամարանոցը ուր կատարեց կիրակնօրեայ ՜՜Հրեշտակ Տեառն՝՝ աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.