2010-09-05 11:34:20

Ժողովուրդին Հովիւը' Տէր Յակոբ Ա. Քհնյ. Արսլանեան:


Տ. Յակոբ Աւագ Քհնյ. Արսլանեանի Վախճանման 70-ամեակին Առիթով։
Օտարամուտ բարքերու ներխուժումի մեր օրերուն մեծ կարիքն ունինք արժէքներու, որոնք նոր սերունդին ծանօթացնեն հայ մարդու աւանդական դիմագիծին դրական կողմերը։ Տ. Յակոբ Աւագ Քհնյ. Արսլանեանի վախճանման 70-ամեակին առիթով կ՝ուզենք ներկայացնել այս խոնարհ, ծառայասէր, ուղղամիտ եւ ամուր հաւատքի տէր անձը՝ Տ. Յակոբ Աւագ Քհնյ. Արսլանեանը՝ որ դիմագիծ եւ ինքնութիւն տուած էր լիբանանահայ գաղութին՝ ներշնչումի օրինակ դառնալով յետնորդ սերունդներու, որպէսզի քալեն նոյն ճամբէն։ Պէտք է երախտապարտ ըլլայ Պէյրութահայ գաղութը ընդհանրապէս եւ Պուրճ Համուտի սիրտը հանդիսացող Նոր Մարաշը յատկապէս։
«Ժողովուրդին անձնուէր հայրը», ինչպէս կը վկայեն իր ժամանակակիցները, կը վախճանի 70 տարի առաջ եւ կը թաղուի շուքին տակ այն եկեղեցւոյ, որուն կառուցման եւ պայծառացման մէջ ունեցած է անգնահատելի դերակատարութիւն։ Շատերուն թերեւս յայտնութիւն թուի տէր Յակոբին անունը, տրուած ըլլալով, որ երկար տարիներ մոռացութեան մատնուած է ան։ Մարաշի հայրենակցական միութիւնը նախաձեռնած է, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարել անոր հոգելոյս յիշատակին։ Հրատարակուած է նաեւ զայն ծանօթացնող գրքոյկ մը («Յուշեր Տ. Յակոբ Աւագ քհնյ. Արսլանեանի սրբակրօն կեանքէն»), խմբագրութեամբ Հրանդ սրկ. Արսլանեանի, մեկենասութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան։ Գրքոյկը լոյս տեսած է 2010-ին, Անթիլիաս։ Փոխան յառաջաբանի, ան կը բացուի Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Արամ եպս. Քէշիշեանի (այժմ՝ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) քարոզով, որ խօսուած է 1980-ին, տէր Յակոբի վախճանման 40-ամեակին առիթով տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։
Քարոզին մէջ, Արամ եպս. կը հաստատէր, «Տէր Յակոբ քահանան եղած է իր կոչումին հաւատարիմ հոգեւոր հովիւ մը, նուիրեալ հոգեւորական մը, որ իր առաքելութիւնը միայն ծիսական-արարողական նեղ սահմաններուն մէջ չէ ըմբռնած ու իրագործած, այլ ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս դարձած՝ հովիւ բարի ու քաջ»։
Տէր Յակոբ Ա. քհնյ. Արսլանեան, աւազանի անունով՝ Կարապետ, ծնած է Մարաշ, 1865-ին։ Իր ուսումը ստացած է տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանին մէջ։ Փոքր տարիքէն սկսեալ դպրութիւն ըրած է Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած է 28 տարեկան հասակին, Զէյթուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Մկրտիչ Քէֆսիզեան կաթողիկոսի ձեռամբ։
1915-ին, իր ազգակիցներուն ճակատագրակից, տէր Յակոբ, 40 ականաւոր մարդոց հետ կ՚աքսորուի Յորդանանի անապատները։ Աքսորի ճամբուն, կը հանդիպի թուրք պաշտօնեայի մը, որուն բարեկամը եղած է Մարաշ։ Թուրք պաշտօնեան կը թելադրէ իրեն ուղղութիւնը փոխել եւ դէպի Երուսաղէմ երթալ։ Անապատին մէջ ան կը կորսուի, սակայն։ Կը հանդիպի արաբ ցեղախումբերու, որոնք կը կողոպտեն զինք եւ գրեթէ կիսամերկ վիճակով կ՚արգելափակեն գիւղի մը մէջ։
Տէր Յակոբ խոյս կու տայ իր արգելարանէն եւ ոդիսական պայմաններու մէջ կը հասնի Երուսաղէմ, Սահակ Խապայեան կաթողիկոսին մօտ, որուն կը պատմէ եղելութիւնը։ Սահակ կաթողիկոս կը հեռագրէ Ճեմալ փաշային եւ տէր Յակոբի արգելափակեալ մնացեալ ընկերները եւս անվնաս կը փոխադրուին Երուսաղէմ։
Ցեղասպանութեան արհաւիրքները ապրելէ ետք, տէր Յակոբ կը վերադառնայ Մարաշ։
1920-ին, Կիլիկիոյ պարպումին կ՚անցնի Ատանա, ապա՝ Լիբանան, Քարանթինայի հիւղաւանը, ուր ժողովուրդը կը սկսի շինել տախտակէ տուներ, անոնց կողքին նաեւ՝ Ս. Խաչ փայտաշէն եկեղեցին։ Տէր Յակոբ մաս կը կազմէ եկեղեցւոյ շինարարական յանձնախումբին եւ ժողովրդային նուիրատուութեամբ կը կառուցէ տարագիր հայութեան առաջին եկեղեցին։ Սակայն երկար չի տեւեր։ Ութ տարի ետք մեծ հրդեհ մը մոխիրի կը վերածէ եկեղեցին եւ 2000-ի մօտ բնակարաններ։
1930-ին Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ հիմը կը դրուի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ։ Տէր Յակոբ դարձեալ պատնէշի վրայ է. անձնուէր աշխատանք կը տանի եկեղեցւոյ շինարարութիւնը իրականացնելու համար. շինարարներուն կ՚օգնէ, ժողովուրդը մեծով-պզտիկով գործի կը մղէ, հանգանակութեան կը ձեռնարկէ, եկեղեցւոյ սրբազան անօթներ պատրաստել կու տայ եւ անսակարկ նուիրաբերումով ձեւ ու մարմին կու տայ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ, որ մեր բոլոր եկեղեցիներուն նման, կ՚ըլլայ հայուն, Նոր Մարաշի բնակիչներուն «ծննդավայրը», «հաւատքին բարձր բերդը, խաղաղ նաւահանգիստը եւ զրահանդերձը», Վահան Թէքէեանի բառերով։
Շինարար քահանայ հայրը կը վախճանի 10 մարտ 1940-ին, եւ ժողովուրդի բուռն փափաքին վրայ կը թաղուի եկեղեցւոյ բակին մէջ, հարաւային պատին տակ։ Չտեսնուած բազմութիւն մը ներկայ կ՚ըլլայ իր վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան։ Այնքան ծաղիկ կը դրուի իր դագաղին մէջ, որ ձեռքին դրուած արծաթապատ Աւետարանը ծածկուած մնալով՝ կը թաղուի հետը։
Տէր Յակոբ Ա. քհնյ. Արսլանեանի աղօթանուէր հռչակը տարածուած է երիտասարդ տարիքէն։ Մարաշի մէջ ան բժշկած է հայ թէ թուրք հիւանդներ։ Մարաշի բանտապետի զաւակին բժշկութիւնը յատկանշական եղելութիւն է, մանաւանդ որ ան բանտապետին կ՚արժէ... բանտարկուած տասնեակներով անմեղ հայերու ազատ արձակումը։
Լիբանանի մէջ տէր Յակոբ կը ճանչցուի իբրեւ ժողովուրդին հովիւը։ Ան կը լուծէ թաղեցիներու միջեւ ծագած բազմաթիւ հարցեր։ Հոգատար հայր կը հանդիսանայ աղքատներու, մանուկներու եւ երիտասարդներու։ Իր աղօթքներով կը բժշկէ անբուժելի հիւանդներ։ Համբաւը կը հասնի... իսլամներու մօտ։ Իսլամ կնոջ մը զաւկին բժշկութիւնը արդիւնքը կ՚ըլլայ իր սրբակեաց կեանքին։ Տէր Յակոբ բարիք կը գործէ նոյնիսկ իր վախճանումէն ետք։ Բժշկութիւններ կը կատարուին իր գաւազանին մասունքով եւ գերեզմանին հողով։
Տէր Յակոբ Ա. քհնյ. Արսլանեանի տիպար հոգեւորականի եւ իսկական հովիւի իրական դրուագներով հարուստ կեանքը դաստիարակիչ կը մնայ բոլոր ժամանակներու համար։ Թող այդ կեանքը օրինակ դառնայ ծառայելու կոչում եւ նուիրումի գիտակցութիւն ունեցող բոլոր հայորդիներուն։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.