2010-09-05 09:40:09

Գեղամ Արք. Խաչերեանի ՜՜Դէպի Երկրորդ Աշխարհ՝՝ Գիրքի Շնորհահանդէս։


Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, 2 սեպտեմբեր 2010ին, Ազգային առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք Խաչերեանի՝ ՜՜Դէպի երկրորդ աշխարհ՝՝ գիրքին շնորհահանդէսը։ Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Լիբանանի նախկին նախարար Տեմիանոս Քաթթարի։

Հաւաքին ներկայ էին գիրքի նախաբանի հեղինակը՝ Ժորժ եպ. Խտըր, եկեղեցական ու քաղաքական հայ թէ արաբ անձնաւորութիւններ, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատան ներկայացուցիչը, մտաւորականներ, հոգեւորականներ, գրասէրներ, արուեստագէտներ եւ հոծ բազմութիւն մը։

Լիբանանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան առաջին խօսքը արտասանեց նախարար Աբրահամ Տէտէեան։ Ան ըսաւ, թէ Գեղամ արք Խաչերեանի գործին մէջ յստակ է, որ ենթակային գրիչը կառաջնորդուի հոգիով, որ նոյնինքն Աստուծոյ մօտենալու կոչ մըն է։ Դէպի երկրորդ աշխարհ գործը, ըսաւ Տէտէեան, Աստուծոյ նկատմամբ սիրոյ ու ծառայութեան արտայայտութիւնն է։ Հակառակ անոր որ գիրքը ծաւալով փոքր է, սակայն բովանդակութեամբ ունի խոր իմաստներ ու պատգամներ։

Ապս տոքթ Սուհէյլ Մաթար, իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Գեղամ արք Խաչերեանի այս գործը ընկերութեան մէջ գտնուող յոռի հոսանքներուն դէմ կը ստեղծէ խաղաղութեան ու համերաշխութեան մթնոլորտ, որ կանջատէ միջավայրի ապառողջ պայմաններէն։ Գեղամ արք Խաչերեանի զէնքը Աւետարանն ու գրիչն է, որոնցմով կարտայայտէ իր մտածումները՝ ցոյց տալու համար դէպի Աստուած առաջնորդող սրբազան ուղին- ըսաւ ան։

Բանաստեղծ Ժոզեֆ Ապի Տահեր իր կարգին նշեց, որ առաջնորդ սրբազանը իր գիրքին մէջ հանդիսացած է երկու աշխարհներու միջեւ կամուրջը եւ իր գործին հերոսները մարդ անհատներ են. Գեղամ արք Խաչերեան գրած է իր սրտի լեզուով՝ իր փորձառութիւններն ու ապրումները դարձնելով ընթերցողին սեփականութիւնը։ Պատգամաբերը յոյս յայտնեց, որ գիրքին հեղինակը շարունակէ հոգեւոր գիրքերու հրատարակութեան աշխատանքը։

Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը որմէ ետք խօսք առաւ նախկին նախարար Տեմիանոս Քաթթար, մեծապէս գնահատելով լիբանանահայութեան ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ՝ ու նշելով, որ լիբանանահայութիւնը միացնող ուժ մըն է, որ կը ծառայէ երկրին հզօրացման։ Քաթթար յայտնեց, որ Գեղամ արք Խաչերեանի գործը դաստիարակչական բնոյթ ունի, որ հոգեպէս կը զօրացնէ մարդ արարածը՝ դէմ յանդիման կանգնելու համար բոլոր դժուարութիւններուն։ Ան աւելցուց, որ Դէպի երկրորդ աշխարհ գործը յստակ տուեալներով ու Աւետարանէն մէջբերումներ կատարելով կը փոխանցէ հոգեւոր դաստիարակութիւն։

Հանդիսութեան աւարտին Խօսք առաւ գիրքի հեղինակը՝ Գեղամ արք Խաչերեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս նպաստեցին այս շնորհահանդէսին յաջողութեան։

Հուսկ՝ տեղի ունեցաւ ՝՝ Դէպի երկրորդ աշխարհ՝՝ գիրքի աւանդական գինեձօնի արարողութիւնը, որմէ ետք ալ հիւրասիրութիւն։










All the contents on this site are copyrighted ©.