2010-09-03 13:12:43

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հանդիպումը Իսրայէլի Նախագահ Շիմոն Փերեսի հետ։


Հինգշաբթի 2 սեպտեմբեր 2010, Գասդել Կսնտոլֆոյի Ամարանոցին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իսրայէլի Նախագահ Շիմոն Փերեսին, որը հանդիպում ունեցած էր նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի եւ Վատիկանի արտգործ նախարար Գերապայծառ Տոմէնիքօ Մամպերթիի հետ։

Հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան զանազան հարցեր ի մէջ այլոց՝ Իսրայէլ - Պաղեստին երկխօսութեան գործընթացքը, որ Ուաշինկթընի մէջ տեղի կ̓ ունենայ. եւ փափաք յայտնուեցաւ կնքել համաձայնութիւն մը՝ որ յարգէ երկու ժողովուրդներուն ձգտումները եւ պարտադրէ կայուն խաղաղութիւն Սուրբ Երկրի հողամասերուն վրայ։ Ուստի դատապարտուեցաւ բռնութիւնը եւ մարդու իրաւունքները չյարգող ոեւէ գործունէութիւն, նաեւ խօսուեցաւ տեղւոյն բնակիչներուն ապրելակերպի աւելի լաւ պայմաններ ապահովելու կարիքի մասին։ Ակնարկ մը տրուեցաւ նաեւ միջեկեղեցական երկխօսութեան եւ միջազգային կացութեան մասին։

Ապա հանդիպումը կեդրոնացաւ Վատիկանի եւ Իսրայէլի կապերու շուրջ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկրի Կաթողիկէ Համայնքին եւ Պետական իշխանութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններուն՝ ընդգծելով Կաթողիկէ Համայնքի կարեւորութիւնը եւ անոր տուած նպաստը ընկերութեան զարգացման մանաւանդ՝ դպրոցներու եւ դաստիարակչութեան ասպարէզէն ներս։ Ապա ակնարկ մը ուղուեցաւ երկկողմանի տնտեսական յանձնաժողովի գործունէութեան մասին մաղթելով շուտափոյթ եզրակացումներու յանգիլը։

Նշենք թէ Իսրայէլի նախագահի հանդիպումը սկիզբ առաւ ժամը՝ 9.20ին Գասթել Կանտոլֆոյի պարտէզներուն մէջ կարճ պտոյտով մը։ Ժամը 10 ին՝ նախագահ Փերես հանդիպում ունեցաւ կարտինալ Պերթոնէի հետ։ Իսկ Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումը տեւեց 40 վարկեան, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ՝ նուէրներու փոխանակում։ Նախագահ Սիմոն Փերես, Սրբազան Հօր նուիրեց ՜՜արծաթեայ Մէնորահ՝՝ մը իսկ Սրբազան Քահանայապետը նախագահին նուիրեց ՜՜Սուրբ Պետրոս Տաճարը պատկերացնող պրոնզէ մետալ՝՝ մը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.