2010-09-02 11:32:05

Աթէնքի Համերգասրահը Կը Ներկայացնէ Հայ-ուքրանական Ծագումով Օփերայի Առաջնակարգ Երգչուհի Մարիա Կուլեկինան


Օփերայի առաջնակարգ երգչուհի Մարիա Կուլեկինան լաւագոյն տպաւորութիւնները ձգած է յոյն հանդիսատեսներուն մօտ, 2007-ին Վերտիի ՆապուքáÛի ներկայացման Ապիկէյլի դերով։

Այս անգամ առանձին ելոյթով հանդէս պիտի գայ Սեպտեմբեր 24-ին, Աթէնքի համերգասրահէն ներս, իր կողքին ունենալով Միլանոյի Սքալայի դաշնակահար Մասիմիլիանօ Պուլոն։

Հռչակաւոր սոփրանօ երգչուհին Աթէնք կը ժամանէ, աւարտած ըլլալով Ցիւրի օփերային մէջ ներկայացումներ։ Միջազգային մամուլը զինք կը կոչէ ՜՜Ռուսաստանի Մոխրիկը՝՝։ Մարիա Կուլեկինա ելոյթներ ունեցած է Լուչիանօ Փաւարոթիի, Փլաչիտօ Տոմինկոյի, Ռիքարտօ Մութիի եւ այլ երգիչներու հետ։ Փուչինիի մրցանակին տիրացած է 2001-ին, որպէս լաւագոյն մեկնաբան Փուչինիի ստեղծագործութիւններուն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.