2010-09-02 11:34:50

«Ողջոյն Լոնտոն» Ելեկտրոնային Երկլեզու Երկշաբաթաթերթը ...


Անգլիոյ մէջ արդէն սկսած է լոյս տեսնել «Ողջոյն Լոնտոն» ելեկտրոնային երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) երկշաբաթաթերթը՝ խմբագրութեամբ Ժանօ Իփճեանի։

1 սեպտեմբերի առաջին թիւին մէջ «Ողջոյն Լոնտոն» լուսանկարներով կ՚անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի Լիբանան տուած այցելութեան, տրուած է նաեւ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 20-ամեակին առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղած ուղերձը, լրատուական անդրադարձ կայ նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութեան։ Թերթին առաջին թիւին խմբագրականը կը կրէ «Թրքական զուռնան եւ նուագը» խորագիրը։

Թերթի առաջին էջին վրայ հրապարակուած «Ողջո՛յն» խորագրեալ գրութեան մէջ այսպէս կը ներկայացուի թերթին նպատակը. ՜՜«Ողջոյն Լոնտոն» կը յաւակնի լեցնել պակաս մը, որ կը հաւատանք, որ կայ այս համայնքին մէջ՝ համայնքային թերթի մը պակասը։ Կը յուսանք, որ կարենանք մեր իսկ յայտարարութիւնները իրականացնել եւ անոնց հաւատարիմ մնալ՝՝։

Նշենք թէ Հռոմի մէջ եւս լոյս կը տեսնէ Ելեկտրոնային երկշաբաթաթերթ մը՝ ՜՜Աղթամար՝՝ը, որը վեց ամիսէ ի վեր դարձած է երկլեզու. (իտալերէն եւ հայերէն) հանդէս. կարելի է գտնել այցելելով .www.comunitaarmena.it. կայքէջը։ Աւելցնենք որ ՜՜Աղթամարի՝՝ 100-րդ թիւը լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ 15 Սեպտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.