2010-09-01 12:54:47

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 2 Սեպտեմբերին Կ'ընդունի Իսրայէլի Նախագահը Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Պալատին Մէջ։


Նախագահ Շիմոն Փերես լաւատես է Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հաստատումին, սակայն Իսրայէլ կը շարունակէ ՜՜հետաձգելու՝՝ իր քաղաքականութիւնը։

Այս հանդիպումը կու գայ մինչ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի իշխանութիւնները կը պատրաստուին Ուաշինկթընի մէջ կլոր սեղան նստելու, ԱՄՆԻ նախագահ Պարաք Օպամայի հրաւէրով։ Նախագահ Փերէս իտալական ձայնասփիւռին հետ ունեցած ելոյթով՝ հաստատած է թէ հարիւր առ հարիւր վստահ է, ականատես ըլլալու ՜՜Միջին Արեւելքի խաղաղութեան՝՝։

Ապա ան յարած է թէ Վատիկանի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները բնաւ այնքան սերտ չեն եղած 2000 տարուայ պատմութեան ընթացքին։

Նշենք թէ նախագահ Շիմոն Փերէս 2009ի 15 մայիսին հանդիպում ունեցած էր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ, Սուրբ Երկրին մէջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.