2010-09-01 13:02:15

Շուրջ 60 Երկիրներ Կը Մասնակցին Կաթողիկէ Մամուլի Համաշխարհային Ժողովին։


Յառաջիկայ 4-7 հոկտեմբեր Վատիկանը կը կազմակերպէ համաշխարհային ժողով մը կաթողիկէ մամուլին մասին։ Այդ հաւաքէն մէկ ամիս առաջ, որ իր տեսակին մէջ երրորդն է, (քանի նախապէս կազմակերպած էր հեռուստատեսիլի եւ ձայնասփիւռի մասին հաւաք) Ընկերային Հաղորդակցութեանց Քահանայապետական խորհուրդը արդէն հրաւէր ուղղած է 60 երկիրներու կաթողիկէ մամուլի ներկայացուցիչներուն։ Համագումարին նիւթն է, կաթողիկէ մամուլին դերը այսօր եւ վաղը, մասնաւորապէս անոր ներկայութիւնը համացանցին վրայ եւ արդի այլ միջոցներով։ Ամէն երկրի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կարելիութիւն պիտի ունենայ ազատօրէն ընտրելու իր երեք ներկայացուցիչները, յայտարարած է գերապայծառ Գլաուտիօ Չելի` նախագահը Ընկերային Հաղորդակցութեանց Քահանայապետական խորհուրդին։

Երեք օրերու ընթացքին ժողովականները նախ պիտի փոխանակեն իրենց կարծիքները, ապա սերտեն մամուլի հայող՝ հարցերը, հուսկ պիտի խօսուի համացանցի մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.