Թուրքիոյ պետնախարարը՝ Ջեւդէթ Եըլմազ այցելած է ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող՝
Ժ.-ԺԱ. դարերուն Հայաստանի մայրաքաղաք հանդիսացած՝ Անին, եւ թուրք լրագրողներու մօտ չէ
կարողացած թաքցնել իր տպաւորութիւնները։
Թուրք պետական նախարարը այցելած է Կարս,
այնուհետեւ Կարսի փոխ նահանգապետի հետ շրջած՝ Անի, եւ տեղեկութիւններ ստացած՝ անոր պատմութեան
մասին ։ Անիի գեղեցկութեամբ տպաւորուած՝ պետնախարար Ջեւդէթ Եըլմազ թուրք լրագրողներուն
հետ զրոյցին ըսած է. ՜՜Անին հրաշք է, բաւական տպաւորիչ վայր մը։ Մետաքսի ճանապարհին
կառուցուած այս վայրին մէջ բաւական զարգացած եղած է ճարտարապետութիւնը, Անին Թուրքիոյ
զբօսաշրջութեան զարգացման համար մեծ ներուժ ունի եւ պէտք է այն բնականին շատ մօտ վերականգնել՝՝։
Լրագրողներէն մէկուն դիտարկմանը, թէ ՜՜չնայած Հայաստանը Անիէն ընդամէնը մէկ գետ
կը բաժնէ, սակայն Հայաստան երթալու հարկաւոր է 10 ժամ, պետնախարարը պատասխանած է. ՜՜Մեր
ադրբեջանցի եղբայրներու հետ տարածաշրջանային խաղաղութեան շրջագծին մէջ օր մը Հայաստանի
հետ սահմանը կը բացուի։ Սահմանի բացումը նպաստաւոր է թէ՛ մեզի եւ թէ՛ Հայաստանի համար։
Ներկայիս Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խնդիրներ կան։ Յուսանք յաղթահարել զանոնք եւ
այս տարածաշրջանը բարգաւաճի եւ ազատ տեղաշարժելու համար միջավայր ստեղծուի, սակայն այդ
ամէնուն հասնելու համար՝ - ամփոփած է Ջեւդէթ Եըլմազ- պէտք է քայլեր առնուին ։