2010-09-01 12:42:42

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն


Սիլվա Կապուտիկեան Հայ գրականութեան մայր թագուհին (1919-2006).

25 Օգոստոս 2006ին Իր մահկանացուն կնքեց հայ գրականութեան եւ մտքի լուսաշող դէմքերէն Սիլվա Կապուտիկեան որուն ՜՜Խօսք իմ որդուն՝՝ բանաստեղծութիւնը պատգամ դարձած է բոլոր Հայերուն համար, ըլլայ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ։
Բոլորին սրտերուն մէջ եւ շրթներուն վրայ, աղօթքի վերածուած՝ ամէն մի բառ ՜՜Խօսք իմ Որդուն՝՝ի՝ մինչեւ այսօր կը կրկնուի...
Ու տե՛ս, որդիս, ո՛ւր էլ լինես,
Այս լուսնի տակ ո՛ւր էլ գնաս,
Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,
Քո մա՜յր լեզուն չմոռանա՛ս...
Հայ գրականութեան մայրական շունչն ու կանացի իմաստութիւնը ինքնատիպ գրաւչութեամբ ու արժանաւորապէս մարմնաւորած Սիլվա Կապուտիկեան մեր աշխարհէն հեռացաւ այնպէ՛ս, ինչպէս ապրած էր ի վերուստ իրեն շնորհուած 87ամեայ կեանքի ընթացքին. Հայաստան աշխարհով ու հայկականութեամբ բաբախեց իր յուզաշխարհը՝ ազգային մեր արժէքներուն պաշտամունքը սրբազան հաղորդութեան վերածելով աշխարհասփիւռ հայ մարդոց համար. ողջ հայութեան վիշտն ու երազները, սէրն ու ցաւերը իր էութեան եւ հայեացքին մէջ խտացուց՝ իր կարգին հարազատ թարգմանն ու սրտամօտ երգիչը դառնալով ամէն հայու։
Վանեցի ծագում ունէր եւ 1915ի Վանի ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտին մասնակից Բարունակ Կապուտիկեանի դուստրն էր 20 Յունուար 1919ին Երեւան ծնած Սիլվա Կապուտիկեանը, որ իր ամբողջ կեանքը անցուց Երեւանի մէջ, նոր դարու եւ նոր ժամանակներու ոգիով հնչեցուց հայ կնոջ ու մօր քնարական ձայնը, նոյնքան արդիական եղաւ Հայ Մտքին առջեւ հորիզոն բանալու իր խոհականութեամբ. եւ ի՛նչ որ գրեց ու հանրային պատասխանատուութեան ի՛նչ դիրք ալ գրաւեց՝ շարունակ հաւատարիմ մնաց վանեցի իր արմատներուն եւ, այդ ճամբով, միշտ ներշնչման աղբիւր ունեցաւ հայ ժողովուրդի արհաւիրքակեդրոն ներաշխարհը...
Այդ աստիճան խոր ակունքէ բխեցաւ հայրենիքի սէրը Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութեան մէջ, որուն անկորնչելի գոհարներէն է անպայման Հայաստան Աշխարհին նուիրուած ՜՜Մեր Սէրը՝՝ քերթուածը.
Հայաստա՛ն աշխարհ,
Դու մե՛րը եղար ու մերը չեղա՜ր,
Դրա համար էլ մենք քեզ սիրեցինք սիրահարի՝ պէս...
1935ին լոյս տեսած իր առաջին ոտանաւորէն մինչեւ 21րդ դարու առաջին տարիները լոյս տեսած իր գործերը, ինչպէս 2002ին հրատարակուած Իմ կածանը աշխարհի ճանապարհներին մտորումները, Սիլվա Կապուտիկեան բեղուն գրիչ ունեցաւ։ Տասնեակաւոր գրքոյկներու եւ հատորներու ժառանգութիւն մը թողուց մեր սերունդներուն։ Եւ Երկրորդ Աշխարհամարտի վերջերուն գրուած իր Խօսք իմ որդուն բանաստեղծութենէն սկսեալ, քնարերգակ բանաստեղծուհին անմիջապէս գրաւեց սիրտն ու միտքը մեր ժողովուրդին՝ աշխարհի չորս ծագերուն, որովհետեւ Պատգամ ունէր նորայայտ բանաստեղծուհին եւ օժտուած էր իր պատգամը ամենայն քնարականութեամբ, պարզութեամբ ու խոհականութեամբ սերունդներուն կտակելու, Հայու Հոգին յաւերժ ջերմացնելու շնորհալի տաղանդով։
Ամէն բանէ առաջ եւ վեր սիրոյ բանաստեղծը եղաւ Սիլվա Կապուտիկեան, որուն սրտաբուխ ստեղծագործութիւնները ժողովրդական սիրուած երգ դարձան հայոց սերունդներուն համար, ինչպէս հանրածանօթ հետեւեալ երգը.
Այնպէս անփոյթ, այնպէս հանգիստ
Անցնում ես իմ տան մօտով,
Մինչ ես ուրիշ տներում իսկ
Քեզ եմ փնտռում կարօտով։
Սիլվա Կապուտիկեան միաժամանակ գիտական պատրաստութիւն ունէր. աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանի լեզուագիտութեան բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի Կորքիի անուան գրականութեան կաճառը։ Իբրեւ այդպիսին՝ նաեւ ազգայինհասարակական ու քաղաքական գործիչ եղաւ։ 1941էն սկսեալ Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ էր, իսկ 1945ին անդամագրուած էր Համայնավար կուսակցութեան։ Զոյգ հանգամանքներով՝ երկար տարիներ գտնուեցաւ պատասխանատու պաշտօններու վրայ. թէեւ պարտաւորուեցաւ իր տուրքը վճարելու խորհրդային կարգերուն, բայց առիթները ստեղծեց, որպէսզի կարենայ իր խղճի պարտքը կատարել հանդէպ բազմաչարչար հայութեան՝ խիզախօրէն դրօշակիրներէն մէկը դառնալով Հայ Դատի պահանջատիրութեան, խորհրդային ժամանակներէն իսկ։
Այդ ներշնչումով ալ, հայ քաղաքական մտքի անդաստանէն ներս եւս Սիլվա Կապուտիկեան ունեցաւ շռնդալից մուտք, երբ 1964ին լոյս ընծայեց ՜՜Քարաւանները դեռ քայլում են՝՝ ուղեգրութիւնը, ուր տարագիր հայութեան ուղղեց հայրենիքին մէջ համախմբուելու եւ հայրենի պետականութեան շուրջ միաւորուելու պատգամը։
Դէպի սփիւռքեան հայօճախները կատարուած իր պարբերական այցելութիւններով եւ երբեմն երկարատեւ ուղեւորութիւններով՝ կապուտիկեան ոչ միայն մօտէն ճանչցաւ Հայկական Արտերկիրը եւ շատ բան վերատեսութեան ենթարկեց խորհրդահայու իր ներաշխարհին մէջ, այլեւ՝ հայրենիքը աւելի հարազատ ու ճանաչելի դարձուց սփիւռքահայութեան։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ երբ զարթնումի ժամը հնչեց Արցախեան Պահանջատիրութեան ճակատներուն վրայ, 1980ականներու երկրորդ կիսուն, Սիլվա Կապուտիկեան ազգայինհասարակական գործիչը հաստատակամ կանգնեցաւ Արցախի Հայաստանին միացնելու համաժողովրդական շարժման յառաջապահ դիրքերուն վրայ, իբրեւ աննկուն դրօշակիր։
Այս բոլորով՝ Սիլվա Կապուտիկեան իրաւամբ արժանացաւ հայ գրականութեան մայր թագուհիի գահին։ Իր մահուան տարելիցին առիթով հայ մարդիկ, աշխարհի չորս ծագերուն, անպայման երգ մը եւ պատգամ մը պիտի գտնեն Սիլվա Կապուտիկեանի թանկարժէք ժառանգութենէն՝ ջերմացնելու, շնչաւորելու եւ յաւերժին հաղորդ դարձնելու համար անցաւոր իրենց այսօրը։ Արդար է որ Հայազգի մեծ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանը կոչենք ՜՜Հայ Գրականութեան Մայր Թագուհին՝՝







All the contents on this site are copyrighted ©.