2010-09-01 13:13:34

31 Օգոստոս 1904. Աղթամարի Հերոսական Կռիւը


Վանայ ծովու Աղթամար Կղզիին վրայ, 31 Օգոստոս 1904 ին, արձանագրուեցաւ ամէնէն հերոսական դրուագներէն մէկը հայ ազգային-ազատագրական շարժման։

Օգոստոսի այս օրը, 106 տարի առաջ, մղուեցաւ Աղթամարի Կռիւը, որ պատմութիւն կերտող ճակատում մը եղաւ թրքական կանոնաւոր զօրքին եւ Դաշնակցութեան ֆետայական մարտախումբին միջեւ։

Անդրանիկի եւ Գէորգ Չաւուշի գլխաւորութեամբ՝ հայ յեղափոխականներու 70 հոգինոց մեծ խումբը պարտութեան մատնեց Աղթամար կղզին ռազմանաւերով պաշարած եւ թնդանօթային ռմբակոծման ենթարկած թրքական զօրքը։ Անակնկալ կամ յանկարծական կռիւ մը չէր եղածը։ Ընդհակառակն՝ ամիսներու վրայ երկարած կռիւներու մեծ շղթայի մը ամէնէն բուռն օղակը դարձաւ Աղթամարի Կռիւը։

Ապրիլ 1904ին պայթեցաւ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութիւնը՝ այս անգամ Դաշնակցութեան մարտական ուժին առաջնորդութեամբ։ Անդրանիկ եւ Գէորգ Չաւուշ, Հրայր Դժոխք եւ Վահան ղեկավարեցին ապստամբութիւնը, որ Սասնոյ գլխին բարձրացուց Ազատութեան Դրօշը եւ 11 օր բուռն կռիւներ մղեց Թրքական զօրքերուն եւ անոնց միացած քիւրտ ասպատակներուն դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.