2010-08-31 13:03:16

Ցուցահանդէս Պոլսոյ Հէյպելի Կղզիին մէջ։


Թրական ՝՝ԱՆԱՏՈԼՈՒ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Բարթողիմէոս Ա.Պատրիարքը Պոլոսյ Հէյպելի Կղզիի դպրեվանքին մէջ բացումը կատարած է ցուցահանդէսի մը։ ՝՝Կը յուսանք, որ դպրեվանքը բացուի, եւ մեր կառավարութենէն կը սպասենք, որ այդ մէկը կարելի եղածին չափ շուտ կատարէ՝՝ ըսած է Պատրիարքը բացման հանդիսութեան ընթացքին։ Յունաստանի Մշակոյթի Նախարար Փաւլոս Երուլանոս իր կարգին Հէյպելի Կղզիի Դպրեվանքին մէջ սոյն ցուցահանդէսին բացումը պատմական որակած է եւ յոյս յայտնած, որ դպրեվանքը վերաբացուի։







All the contents on this site are copyrighted ©.