2010-08-31 14:59:39

Ռամատանի Տօնին Աւարտին Վատիկանը Կը Հրաւիրէ Քաղաքացիական Պատասխանատուները Վերջ Տալու Միջկրօնական Բռնութիւններուն։


Վատիկանի միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդը պատգամ մը ուղղած է իսլամ աշխարհին Ռամատանին` ծոմապահութեան ամսոյն աւարտին։ Պատգամին մէջ կոչ կ'ուղղուի քաղաքացիական պատասխանատուներու վերջ տալու միջկրօնական բռնութիւններուն։ Պատգամին վերնագիրն է. ''Քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ միասին յաղթահարելու միջկրօնական բռնութիւնները''։ Վատիկանի գնահատումով այս նիւթը դժբախտաբար այժմէական է մասնաւորապէս աշխարհի կարգ մը վայրերու մէջ։

Հիմնուելով անցեալ փետրուարի վատիկանի եւ ալ Ազհարի խառն յանձնախումբի աշխատանքներուն ՜՜միաստուածեան կրօններու միջեւ երկխօսութիւն՝՝ նիւթին մասին,որ գումարուեցաւ Գահիրէ` Եգիպտոսի մայրաքաղաքին մէջ, կարտինալ Թոռան եւ գերապայծառ Չելադա իրենց պատգամով կը շահագրգռուին զանազան կրօններու հաւատացեալներու միջեւ գոյացող բռնութիւններու պատճառներուն վրայ։ Քահանայապետական Խորհուրդի գնահատումով քաղաքականութեան ձեռնմխումը կրօնական հարցերու մէջ պատճառ է խտրականութեան, հիմնուած ցեղի կամ կրօնական ինքնութեան վրայ, բաժանումի եւ ընկերային լարուածութեան, տգիտութեան, աղքատութեան, թերաճի եւ անարդարութեան։

Վատիկանի ներկայացուցիչները սրտաճմլիկ կոչ մը կ'ուղղեն քաղաքացիական ու կրօնական իշխանութիւններուն որպէսզի իրենց նպաստը բերեն վերոյիշեալ հարցերուն լուծումին յանուն ընկերութեան ընդհանուրի բարիքին։ Քահանայապետական խորհուրդը քաղաքացիական իշխանութիւններէն կը խնդրէ յատուկէն որ զարկ տան իրաւունքի գերազանցութեան երաշխաւորելու ճշմարիտ արդարութիւն մը ձերբակալելով յանձագործերը ու բռնաբարութեան քարոզիչները։







All the contents on this site are copyrighted ©.