2010-08-31 13:12:49

Պաշտօնապէս վերջ կը տրուի այսօր Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմական գործողութիւններուն ։2003էն ի վեր 4400 ամերիկացի զինուորներ իրենց կեանքը կորսնցուցած են Իրաքի մէջ։


Պաղտատ ժամանեց երէկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Ճօ Պայտըն, ներկայ գտնուելու համար Իրաքի մէջ ԱՄՆի ռազմական գործողութիւններու աւարտը խորհրդանշող արարողութեան։ Երկու օր առաջ, ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած էր թէ պատերազմը կը վերջանայ։
Յիշեցնենք, որ եօթ տարի լրացած է Սատամ Հուսէյնի համակարգի տապալումէն, ԱՄՆի օրուայ նախագահ Ճորճ Պուշի նախաձեռնութեամբ, որ ռազմական գործողութիւններու սկիզբը նշանակած էր, առանց ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի վաւերացումը ապահոված ըլլալու։







All the contents on this site are copyrighted ©.