2010-08-31 14:54:12

Նորին Սրբութեան պատարագը եւ հայրական խօսքը իր նախկին աշակերտներուն`՜՜Աստուծմէ սորվիլ անշահախնդիր նուիրումի ապրելակերպը՝՝ նիւթին մասին ։


Շաբաթ օրը Նորին Սրբութիւնը ընդունեց արքեպիսկոպոս Քուր Քոշը` եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին նախագահը, ան որպէս Սրբազան Քահանայապետին նախկին աշակերտ մասնակցեցաւ ՜՜նախկին աշակերտներու աւանդական հանդիպումին՝՝։ Պատարագին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ուսումանժողովին մասնակցողները, շուրջ 40 հոգի, մեկնաբանելով կիրակնօրեայ աւետարանը որ կը խօսի խոնարհութեան մասին, զանոնք զգուշացնելով , որպէսզի հեռանան նախապատուութեան փորձութենէն եւ հետեւին Յիսուսի խոնարհութեան ու սիրոյ խրատին։
Մենք կանչուած ենք Աստուծմէ սորվելու անշահախնդիր նուիրումի ապրելակերպը , հակառակ որ մենք մեղաւոր ենք եւ բան մը չունինք Աստուծոյ տալու։ Տէրը մեզ կը կանչէ մասնակցելու իր սեղանին ու մեզի հետ մնալու։







All the contents on this site are copyrighted ©.