2010-08-31 14:33:24

Համաձայնագիր Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնադրամին Եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին Միջեւ։


Երկուշաբթի 30 Օգոստոսին Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնադրամին եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր՝ 2010- 2011 թուականներուն համար։
1990-էն ի վեր Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնադրամին շնորհիւ՝ հրատարակուած են 110 հայագիտական հատորներ։ Մինչեւ հիմա համալսարանին եւ Կիւլպենկեան հիմնադրամին միջեւ համագործակցութիւնը ընթացած է առանց համաձայնագիրի, սակայն այս տարի համագործակցութիւնը եղած է աւելի պաշտօնական։
Ըստ այս համաձայնագիրին, մէկ տարուան մէջ պիտի ընդարձակուի գրահրատարակչական գործունէութիւնը՝ լոյս պիտի ընծայուի եւս 12 հայագիտական գիրք՝ 4500 ընդհանուր տպաքանակով, պիտի կատարուին շարք մը ծրագիրներ, որոնց շարքին՝ համալսարանի երիտասարդ գիտնականներու արտասահմանեան գիտական ու կրթական ուղեւորութեանց ֆինանսաւորում, ՜՜Բանբեր՝՝ Երեւանի համալսարանի գիտական հանդէսին աջակցութիւն, օսմանագիտութեան զարգացման նպատակով տարուող աշխատանքներու ֆինանսաւորում եւ այլն։







All the contents on this site are copyrighted ©.