2010-08-30 14:11:21

Օգոստոս 30ին կարտինալ Բոլ Բուբար կը տօնէ իր ծննդեան 80ամեակը։


Ծիրանաւորը Վատիկանի խորհրդանշական անձնաւորութիւն մըն կը նկատուի։

ֆրանսացի կարտինալ՝ Փոլ Բուբար Վատիկանի մէջ նկատուած է խորհրդանշական անձնաւորութիւն մը, ուր 20 տարիներու ընթացքին եղաւ նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին։

30 օգոստոսին՝ կը դադրի 80-ամեայ կարտինալի մասնակցութիւնը՝ քահանայապետի ընտրութեան։ Սակայն եւ այնպէս, գորովալիր եւ մարդամօտ կարտինալը կը մնայ գործունեայ իր հիմնած՝ հաստատութեան , որ կը նպատակադրէ նպաստել բարոյականի եւ մշակոյթի զարգացման։

Կարտինալ Բուբար եղած է Ռեկտորը Փարիզի կաթողիկէ համալսարական հաստատութեան։ 10 տարի մատակարարութենէ ետք եղած է Փարիզի թեմի տեղապահը։ 1982ին՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը զինք Հռոմ կը կանչէր անոր յանձնելով պատասխանատուութիւնը ՝ մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին։ Կարտինալ Բուբարը Վատիկանի մէջ ճանչցուած է իր լայնածաւալ ու խորաթափանց մշակոյթին համար։ Ան Եղած է մտերիմ խորհրդատուն՝ երջ. ՅՊԲ քահանայապետին։








All the contents on this site are copyrighted ©.