2010-08-30 13:27:38

Վանի Առեւտրային Պալատի Նախագահը Կը Պահանջէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ բացման առթիւ գոնէ մէկ շաբաթ սահմանը բաց պահել։


Վանի Առեւտրային Պալատի Նախագահը Կը Պահանջէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ բացման առթիւ գոնէ մէկ շաբաթ սահմանը բաց պահել։

Թուրքիոյ Վանի նահանգի առեւտրա-արդիւնաբերական Պալատի նախագահ Զահիր Քանդաշօղլուն պահանջած է Ախթամարի Ս.Խաչ Եկեղեցւոյ բացման ժամանակ գոնէ մէկ շաբաթով բանալ՝ հայ-թրքական սահմանը, որպէսզի Հայաստանցիները կարողանան առանց դժուարութեան Վան ժամանել ։ Զահիր Քանդաշօղլուն նշած է թէ սեպտեմբեր 19-ի Աղթամարի Ս.Խաչ Եկեղեցւոյ վերաբացումը բոլորի մօտ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է , քանի ան Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններու համար տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացումներուն դրական խթան կը հանդիսանայ։ Քանդաշօղլուն յիշեցուցած է որ ստորագրուած  հայ-թրքական արձանագրութուններէն ետք Վանի առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի 40 հոգինոց Պատուիրակութիւնը առաջինն էր, որ այս տարուայ մայիսին գնաց Հայաստան։

Ըստ Վանի առեւտրա-արդիւնաբերական Պալատի նախագահին,սեպտեմբեր 19-ին Վան այցելող հայերը զգալի դժուարութիւներ կ՝ունենան, քանի որ Վրաստանով ճանապարհը բաւականին երկար է։  «Վանէն ՝ Երեւան ՝՝Իգդիր՝՝ մաքսակետով 4 ժամ է, սակայն մենք Երեւան հասանք 26 ժամով քանի որ Վրաստանի վրայէն ճամբան զգալիօրէն կ՝երկարի։ Անոր համար լաւ կ՝ըլլայ որ սեպտեմբեր 19-էն առաջ մէկ շաբաթ երկարութեամբ հայ-թրքական սահմանը բացուէր եւ հայաստանցիները դիւրութեամբ ու մատչելի կերպով հասնէին Վան։ Վանի առեւտրա-արդիւնաբերական պալատը կոչ ըրած է գործադրեու սոյն առաջարկը սպասելով դրական արձագանքի մը (նշած է Զահիր Քանդաշօղլուն) աւելցնելով թէ ՝՝Թուրքիան նախքան կիրարկած է տարբեր երկրներու հետ սահմանի ժամանակաւոր բացում՝՝։

Նշենք, որ մայիսին Վանի առեւտրա-արդիւնաբերական Պալատի 40 անդամները երթալով Երեւան՝ մասնակցած էին Երեւանի մէջ կազմակերպուած Միջազգային Զբօսաշրջիկութեան ցուցահանդէսին ։

Միւս կողմէ ընդգծենք որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքը կը հաղորդէ, թէ յանձնառու մնալով Թուրքիոյ ուրացման ու ժխտումի հետեւողական քաղաքականութեան եւ հայ կեանքին մէջ շփոթ ստեղծելու ու միջազգային համայնքին իբրեւ մարդկային իրաւանց պաշտպան ներկայանալու անոր փորձերուն դէմ իր յստակ կեցուածքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մերժէ՛ մասնակցիլ Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ պաշտօնական բացման հանդիսութեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մնայ ամուր իր կեցուածքին վրայ՝ Թուրքիայէն պահանջելով հայ Ժողովուրդին դէմ իր ծրագրած ու գործադրած Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր հատուցումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.