2010-08-30 13:35:24

Արժանթինի Արտաքին Գործոց նախարար Էքթոր Թիմէրմանի հանդիպումը՝ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատուիրակութեան հետ


Չորեքշաբթի, 25 Օգոստոսին, Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Արժանթինի Արտաքին Գործոց նախարար՝ Էքթոր Թիմէրմանի հետ։ Պատուիրակութիւնը երախտագիտական խօսքեր յայտնեց նախարարին, Հայաստանի մէջ Արժանթինի Դեսպանատան բացման առիթով, ինչպէս նաեւ Մարդկային Իրաւանց ու հայ ազգի հանդէպ արժանթինեան կառավարութեան նպաստաւոր դիրքին եւ երկրի ընկերութեան շարունակ աջակցութեան համար, որուն գագաթնակէտը եղաւ Խորհրդարանին կողմէ Թիւ 26199 օրէնքի հռչակումը, Ապրիլ 24ը յայտարարելով Հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ յարգանքի օր, (11 Յունուար 2007ին), ապա այդ ժամանակաշրջանի նախագահ Նէսթոր Քիրչնէրի հաստատումով, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն։

Հանդիպման ընթացքին, Խօսուեցաւ Արժանթինի եւ Հայաստանի փոխ-յարաբերութեան հզօրացման՝՝ մասին, կեդրոնանալով դիւանագիտական փոխ-յարաբերութեան ու շրջանի կարելիութիւններուն ծանօթացման կարեւորութեան։ Նոյնպէս փոխանցուեցան Հարաւային Կովկասի մէջ չլուծուած հարցերու, եւ բռնութեան նոր սաստկացումի կարելիութեան տեղ տուող ճարտասանական խօսքերու կամ գործերու վտանգի մասին հայոց մտահոգութիւնները։

Իր կարգին, նախարար Թիմէրման շեշտեց համայնքներու կարեւորութիւնը, որոնց աշխոյժ գործունէութիւնը հիմնական ազդակ մը եղած է Արժանթինի տնտեսական, գիտական եւ ընկերային զարգացման համար։

Վերջաւորութեան, ան հաստատեց Արտաքին Գործոց Նախարարութեան աջակցութիւնը, ի նպաստ Մարդկային Իրաւանց եւ բազմազանութեան յարգանքը պահպանող՜ որեւէ նախաձեռնութեան նկատմամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.