2010-08-29 14:36:52

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Կիրակի 29 օգոստոս Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, ԳասթելԿանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Կիրակի օրուայ ս. Գրային ընթերցումները ի յայտ կը դնեն անգնահատելի մեծութիւնը խոնարհութեան։ Թող տանք դաստիարակուիլ աստուածային Իմաստութենէն, Ով որ խոնարհ է իր հայացքը կ'ուղղէ դէպի Աստուած եւ ամէն բանի մէջ կը փնտռէ ճշմարտութիւնը։ կը ձգտի հարազատ կեանքի գեղեցկութեան։ Վստահինք Տիրամօր` խոնարհ աղախինը Տիրոջ եւ Մայրը մարդացեալ Բանին եւ իրմէ խնդրենք որ առաջնորդէ մեր քայլերը ընթանալու Յիսուսի ետեւէն։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Սիրեցեալ բարեկամներ, այսօր եկեղեցին կը տօնէ յիշատակը Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի` Կարապետին նահատակութիւնը։ Ան եղաւ մեծագոյնը Քրիստոսի մարգարէններու, գիտցաւ ինքզինք ուռանալ տեղ տալու Փրկչին. տառապեցաւ եւ նահատակուեցաւ վասն ճշմարտութեան։ Խնդրենք իրմէ եւ Աստուածամօրմէն որ առաջնորդեն մեզ խոնարհութեան ուղղին վրայ, որպէսզի արժանի ըլլանք Տիրոջ վարձատրութեան։

Յառաջիկայ սեպտեմբեր մէկին, յառեց Սրբազան Հայրը, Իտալիոյ մէջ կը յիշատակուի արարչագործութեան բնապահպանութեան օրը` հռչակուսած Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասէն։ Այս ժամադրութիւնը նաեւ կարեւորէ համամիութեան գետնի վրայ։ Այս տարուան բնաբանը մեզի կը յիշեցնէ թէ կարելի չէ խաղաղութիւն ունենալ եթէ չյարգուի բնութիւնը։ Արդարեւ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ամէնքս պարտականութիւնը ունինք երկիրը յանձնելու ապագայ սերունդներուն այնպիսի վիճակի մը մէջ որ կարենան ապրիլ ու պահպանել։ Թող Տէրը օգնէ մեզի այս պարտականութեան իրականացումին։

Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ բարի շաբաթ մը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.