2010-08-28 12:12:34

Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Աշակերտներու համար ՜՜Կրօնական Գիտելիքներու ՝՝ Հատոր Անթլիասի Մայրավանքէն-Լիբանան։


2010 թուականը 80-ամեակի տարին է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Հայ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու հիմնադրութեան: Այս առիթով, Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինումով, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս կը ծրագրուին աշխատանքներ, արժանաւորապէս նշելու փառաշուք յոբելեանը այն հիմնարկին, որ անցնող 8 տասնամեակներուն որոշադրիչ դեր ունեցաւ հայ նոր սերունդի կրօնադաստիարակչական աշխատանքին մէջ:

Յայտնենք, որ այս առիթով, Վեհափառը հրապարակեց նաեւ սրբատառ Կոնդակ, որ ընթերցուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ սուրբ խորաններէն, մեր ժողովուրդին ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով այն նուիրական աշխատանքին վրայ, զոր անշահախնդիր կերպով կը կատարէ Կիրակնօրեայ Դպրոցը:

Անթիլիասի մէջ 1930 թուականին հաստատուած Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Տնօրէնութիւնը, հայ մանուկի հոգեւոր դաստիարակութեան ծիրէն ներս ցարդ իրագործած աշխատանքները շարունակելով, կարեւոր հրատարակութիւններով կը ճոխացնէ նոր սերունդին կրօնական գիտելիքներու պաշարը: Կիրակնօրեայ Դպրոցներու ուսուցչական կազմերու պատրաստութեան աշխատանքին մեծապէս նպաստող հրատարակութիւն եղաւ, ՙԿրօնական Գիտելիքներ՚ու վերախմբագրուած օրինակին լոյս ընծայումը Անթիլիասի տպարանէն, Վարիչ Տնօրէնութեան կողմէ:

Կիրակնօրեայ Դպրոցներու շրջանաւարտ դասարաններու ուսանողներուն համար յատկապէս պատրաստուած այս հատորը, ներկայիս օգտաւէտ կրնայ ըլլալ նոյնիսկ ուսուցչական կազմերուն, եւ ընդհանրապէս մեր եկեղեցւոյ դաւանանքով, ծէսով ու պատմութեամբ հետաքրքրուած հայ անհատներուն:

Ամփոփ եւ յստակ կէտերով ներկայացուած են քրիստոնէական կրօնքին սկզբունքները, Քրիստոսի առաքելութիւնը, Աւետարանին պատգամը, Եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնն ու ծաւալումը, քրիստոնէական առաջին դարերու համառօտ պատմութիւնը, քրիստոսաբանական վէճերն ու տիեզերական ժողովները, հայ եկեղեցւոյ դաւանական սկզբունքներն ու խորհուրդները, Հայ, Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներու դաւանական տարբերութիւնները, Հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր տօներն ու սրբոց յիշատակութիւնները, ինչպէս նաեւ պահեցողութեան եւ բարեպաշտական այլ սովորութիւններու մասին կարճ բացատրութիւններ:

Սոյն հատորին հրատարակութիւնը սքանչելի մեկնարկ է, վեր առնելու Կիրակնօրեայ Դպրոցներու անժամանցելի դերակատարութիւնը, մեր նոր սերունդի կրօնական ու հոգեւոր դաստիարակութեան գործին մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.