2010-08-27 13:06:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Նորին Սրբութեան պատգամը ''գթութեան առաքեալներու'' միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի' Քոյր Մէրի Փրէմային, իրենց հիմնադիր` Մայր Թերեզայի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ՜՜գթութեան առաքեալներու՝՝ միաբանութեան հիմնադիր Երանելի Մայր Թերեզայի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով 26 օգոստոս 2010 ին պատգամ մը ուղղած է միաբանութեան Մեծաւորուհի Քոյր Մէրի Փրէմային։ Պտագամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ որ ՜՜Մայր Թերեզա իբրեւ Աստուծոյ յատուկ եւ անգնահատելի պարգեւ մը եւ քրիստոնէական առաքինութիւններու օրինակելի տիպար է՝՝։ Պատգամը կարդաց Կարտինալ Թելեսֆոր Փլասիտիւս Թոբոն, 26 օգոստոսին Հնդկաստանի Կալկաթայի գթութեան քոյրերու մայր տան մէջ տեղի ունեցած՝ սրբազան արարողութեան ընթացքին։

Սրբազան Հայրը կը յորդորէ եւ կը քաջալերէ միբանութեան անդամները ներշնչուելու Մայր Թերեզայի հոգեկանութենէն, եւ հետեւելով՝ անոր թողած հետքերուն, ընդառաջելու՝ Քրիստոսի հրաւէրին ՜՜եղիր լոյս՝՝։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը խնդրէ գթութեան քոյրերէն, շարունակել իրենց ծառայութիւնը աղքատներու մէջ ամենէն աղքատներուն, թշուարներուն, հիւանդներուն եւ լքուած ու միայնակ անձերուն ի նպաստ, նուիրուելով՝ վեհանձնօրէն Յիսուսին։

Եզրափակելով պատգամը Նորին Սրբութիւնը հարիւրամեակի տօնախմբութիւններուն առիթով իր հոգեկան մասնակցութիւնը կը յայտնէ տալով իր հայրական օրհնութիւնը։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.