2010-08-27 13:08:47

Կարտինալ Մոնթեծեմոլօ կը տօնէ իր ծննդեան 85 ամեակը։


Հռոմի Ս. Պօղոս Պազելիքայի գահերէցը Կարտինալ Մոնթեծեմոլօ 27 օգոստոսին կը տօնէ իր ծննդեան 85 ամեակը։ Թորինօ քաղաքի ազնուական ընտանիքի զաւակ` մեծ եկեղեցականը, եղաւ Վատիկանի միջազգային քաղաքականութեան ցայտուն անձնաւորութիւններէն մէկը։ Շնորհիւ իր միջնորդութեան, կարելի եղաւ ստորագրել Իսրայէլ-Վատիկան համաձայնագիրը, որմէ ետք 1994ին Կարտինալը նշանակուեցաւ Իսրայէլի մօտ առաքելական դեսպան։ Թէեւ 2001ին հանգստեան կոչուեցաւ իր տարիքի բերումով, իրմէ խնդրուեցաւ ստանձնել Հռոմի Ս. Պօղոս Պազելիքայի վարչութիւնը՝, կառավարել՝ անթիւ անհամար ուխտաւորներու հոսքը։

2005ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը զինք անուանեց որպէս գահերէցը Հռոմի Ս. Պօղոս Պազելիքայի եւ մէկ տարի ետք անոր շնորհեց կարտինալական աստիճանը։ Յայտնենք թէ՝ Կարտինալ Մոնթեծեմոլոյի նախաձեռնութեան շնորհիւ, պազելիքայի մէջ սկիզբ առին պեղումները Պօղոս առաքեալի դամբարանին։ Ան նաեւ կազմակերպիչը եղաւ Պօղոս առաքեալի յոբելենական սուրբ տարւոյն։








All the contents on this site are copyrighted ©.