2010-08-27 13:08:08

Կալաթայի Մայր Թերեզան


Մայր Թերեզա` աւազանի անունով Agnes Gonza, Ալպանացի ընտանիքի մը զաւակն է? ծնած՝ Մակեթոնիոյ երբեմնի Սգոփիէ քաղաքը, 26 օգոստոս 1910ին։ 1922 ին իր մէջ կը զգայ կոչը ինքզինք նուիրելու Աստուծոյ ծառայութեան։ 1928ին կը մեկնի Հնդկաստան։ 1931ին կը կատարէ իր առաջին ուխտերը ՜՜Լորեթոյի մայրապետներու՝՝ միաբանութեան մաս կազմելով եւ կրելով Թերեզա անունը։ 1946ին՝ կոչն ու կարիքը կը զգայ հիմնելու ՜՜նոր միաբանութիւն մը՝՝ եւ 1948ին կը սկսի իր նոր առաքելութիւնը Կալկաթայի աղքատներուն ի նպաստ։ 1965ին Մայր Թերեզայի հիմնած ՜՜գթութեան առաքեալներ՝՝ նոր միաբանութիւնը կը ստանայ Քահանայապետական Ճանաչում։ 1979ին Մայր Թերեզան կը ստանայ Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակը։ 1985ին կը հրաւիրուի ելոյթ ունենալու Միացեալ Նահանգներու ժողովին։ 1986ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հնդկաստան, այցելելով նաեւ՝ Մայր Թերեզայի առաքելական վայրերը եւ հաստատութիւնները։ 1997ի սեպտեմբեր 5ին Մայր Թերեզան իր մահկանացուն կնքեց Կալկաթայի մէջ (Հնդկաստան) ։2003 հոկտեմբերին երջանկայիշատակ ՅՊԲ. Քահանայապետը Երանելիներու խորանին պատուին կը բարձրացնէ զինք։

Մայր Թերեզայի հիմնած միաբանութեան մատուրներու մէջ, արձնագրուած է, Յիսուսի արտասանած՝ ՜՜ծարավի եմ՝՝ նախադասութիւնը ։ Նախադասութիւն մը՝ որ Մայր Թերեզայի երկրորդ կոչումի հիմքը եղած է։ Ինք որ կը սիրէր ինքզինք ներկայացնել իբրեւ ՜՜Աստուծոյ փոքրիկ մատիտը՝՝։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.