2010-08-27 13:08:25

Էջ Մը Հայ Երաժշտութենէն


Հայազգի երաժիշտ Պօղոս Զեննէ :

Հայ երաժիշտ եւ մանկավարժ Պօղոս Զեննէ ծնած է 1746-ին, Կ.Պոլիս։ Ուսումը ստացած է Խասգիւղի մէջ, հմտացած՝ հայ հոգեւոր երաժշտութեան ասպարէզի մէջ։ Ունենալով հնչեղ, ազդու եւ քնքուշ ձայն մը . երգեցողութեան մէջ հասած էր բացառիկ յաջողութեան եւ արժանացած ՜՜Զեննէ՝՝ այսինքն ձայնեղ մականունին։ Երիտասարդ տարիքին եղած է աղա Պօղոս Ամիրայի տան վարժապետը։ դասարան բանալով Պոլսոյ Զինճիրլի խանին մէջ, երաժշտութիւնը կը սորվեցնէր ամիրաներու որդիներուն։

Կը տիրապետէր յոյն եւ լատին եկեղեցական երգեցողութեան ու նօթագրութեան արուեստին։ Հանդիսացած էր ժամանակի ամենէն ուսեալ դէմքերէն մէկը. մանաւանդ լաւ գիտէր յունարէն, լատիներէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն։ Եղած է նաեւ երգահան, գրած ու մշակած է հոգեւոր երգեր որոնցմէ՝ յայտնի ՜՜Լոյս Զուարթ՝՝ երգը, իրեն կը վերագրուի Հրիփսիմեանց ՜՜Անձինք Նուիրեալ՝՝ շարականը, եւ այլ շարականներու եղանակներու կարգաւորումը։ նաեւ ։ Իր աշակերտն էր Համբարձում Լիմոնճեանը եւ այլ երաժշտագէտներ։ Զբաղած է նաեւ նկարչութեամբ եւ նկարազարդած՝ բազմաթիւ գիրքեր։

Հայազգի մեծ արուեստագէտը Պօղոս Զեննէ վախճանած է 1826-ին Պոլսոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.