2010-08-27 12:23:22

26 Օգոստոս 1915, Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի Քստմնելի Սպաննութիւնը


Հայոց յուշատետրին մէջ Օգոստոս 26-ը պատկերող էջը ահաւոր սեւով պատուած է։

Արդարեւ 26 Օգոստոս 1915ին Իթթահատ-Թերաքիի երեակը մարմնաւորող ոճրագործներ դաշոյններով սպաննեցին Հայկեան Հանճարին ճառագայթող մեծութիւններէն երկուքը՝ անզուգական Դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը։ Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանական մեծ ոճիրին մասին պատմագրական եւ արխիւային հսկայական գրականութիւն մը գոյութիւն ունի։ Այդ վկայութեանց շարքին է հայ գրականութեան հպարտութիւնը կազմող Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի նահատակութեան քստմնելի մանրամասնութիւնները նկարագրող Հասան անունով թուրք կառապանի մը վկայութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.