2010-08-26 13:33:04

Փրոֆ. Սեդա Տատոյեանի Այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարան


Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան 11 օգոստոսին ընդունեց այցելութիւնը ծանօթ մտաւորական, պատմագէտ ու արուեստաբան Սեդա Տատոյեանը, որ հիւրաբար Լոս Անճելըս կը գտնուէր։ Առաջնորդը վեր առաւ Տատոյեանի մեծ վաստակը գիրի ու համալսարանական կալուածներուն մէջ։ Ան եղած է դասախօս Գոլոմպիայի, Միշիկընի, Շիքակոյի, Լոս Անճելըսի եւ Հարվըրտի համալսարաններուն մէջ, հեղինակած է շարք մը հատորներ, նաեւ սերտօրէն գործակցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ՝ աշխատակցելով «Հասկ»ին։ Խորհրդակցութեան նիւթ եղան ընդհանրապէս հայագիտութեան կալուածին առնչուող հարցեր, մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու միջոցները։ Առաջնորդը իր կարգին որոշ տեղեկութիւններ հաղորդեց Ազգային առաջնորդարանի աշխատանքի մարզերուն մասին՝ կանգ առնելով նաեւ հայկական վարժարաններու առաքելութեան ու գործունէութեան վրայ։ Հրաժեշտի պահուն առաջնորդը յուշանուէր մը յանձնեց փրոֆ. Սեդա Տատոյեանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.