2010-08-26 13:12:59

Ուխտագնացութիւն Ռաշտ եւ Անզալի քաղաքները


Հովանաւորութեամբ՝ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, 12 եւ 13 օգոստոսին տեղի ունեցած է երկօրեայ ուխտագնացութիւն՝ դէպի Ռաշտ եւ Անզալի քաղաքները։ 13 օգոստոսի առաւօտեան սրբազանը Անզալիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցած է սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին վեր առնելով Վերափոխման տօնին խորհուրդը՝ նշած է որ այս տօնը սերտօրէն առնչուած է նաեւ մայրութեան գաղափարին հետ, եւ այդ պատճառով կը տօնենք նաեւ հայ մօր տօնը ըսած է ան ։ Անդրադառնալով Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին կողմէ 2010 տարին Հայ կնոջ տարի հռչակուելուն՝ ան շեշտած է, որ հայ կինը փառքն ու պատիւն է հայ տան՝ աւելցնելով, որ ան իր ճակատագրական դերը ունեցած է հայոց ամբողջ պատմութեան մէջ։ Իր քարոզին մէջ սրբազանը նաեւ անդրադարձած է խաղողօրհնէքի կրօնական եւ աւանդական իմաստին, անկէ բխող աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն կառչած մնալու անհրաժեշտութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.