2010-08-26 13:03:56

Կալկաթայի Մայր Թերեզայի յիշատակին


26 օգոստոս 2010-ին մեծ շուքով եւ հանդիսութիւններով աշխարհի չորս կողմերը կը նշուի Մայր Թերեզայի ծննդեան 100 ամեակը։ Նախատեսուած են եկեղեցական եւ աշխարհական զանազան հանդիսութիւններ եւ տօնախմբութիւններ ըլլա'յ Երանելի Մայր Թերեզայի ծննդավայր՝ Փրիշդինայի մէջ ըլլա'յ Հնդկաստանի մէջ ուր՝ Կալկաթայի առաքելուհին մեծ համակրանքի եւ յարգանքի արժանացած է, եւ ըլլայ այն բոլոր վայրերը ուր ՜՜ գթութեան մայրապետները՝՝ հիմնած են առաքելական տուներ։
Մակեթոնիոյ մայրաքաղաք Սգոփիէի մէջ նախատեսուած է Ազգային խորհուրդի արտակարգ նիստ մը որուն աւարտին տեղի պիտի ունենայ <<Մայր Թերեզայի>> նուիրուած՝ Ազգային Մրցանակ։ Յետմիջօրէին Սիրտ Յիսուսի նուիրուած Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, Պելկրատի Արքեպիսկոպոսը՝ Սդանիզլավ Հոչեւար պիտի գլխաւորէ Համապատարագի սրբազան արարողութիւնը։ Տօնակատարութիւնները պիտի շարունակուին ամբողջ տարուայ ընթացքին։
Ալպանիոյ մէջ նախատեսուած է ազգային ուխտգնացութիւն դէպի Վօ Տեյեսի աթոռանիստ եկեղեցի, որ Թիրանայ - Տուրացցո Արքեպիսկոպոս Րոգ Միրիտիթայի գլխաւորած՝ արարողութեամբ պիտի նուիրուի Մայր Թերեզային։ Քոսովոյի մէջ 2010-ն հռչակուած է << Մայր Թերեզայի>> տարի, եւ 5 սեպտեմբերին` երանելի մայր թերեզայի ծիսական տօնին առթիւ, Փրիշդինայի մէջ նախատեսուած է նուիրումը ՜՜Եկեղեցի - սրբավայր՝՝ի մը։
Հռոմի մէջ Կարտինալ Անճելօ Գոմասթրի` Սրբազան Քահանայապետի Վատիկանի տեղապահը պիտի գլխաւորէ սրբազան արարողութիւն մը, որուն պիտի մասնակցին Մայր Թերեզայի միաբան քոյրերը, կամաւոր աշխատակիցները, նուիրատուները եւ միաբանութեան հիւրեր ու բարեկամներ։ Իսկ 4 սեպտեմբերին Սան Կրեկորիոյ Ալ Չելիօ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է հսկումի երեկոյ որուն` կիրակի 5 սեպտեմբերին պիտի յաջորդէ սուրբ պատարագի արարողութիւն մը նախագահութեամբ՝ ժողովուրդներու աւետարանութեան կառավարիչը Կարտինալ Իվան Տիազ։ Սրբազան արարողութիւններ նաախատեսուած են նաեւ Փարիզ, Մատրիտ, Պարչելլոնա, Գոփենհակէն եւ Մոնագո Տի Պավիերա։
Հռոմի մարզը, 100 ամեակի տօնախմբութիւններու առթիւ՝ Մարզի Կեդրոնի Բալացցօ Վալենդինի պալատի պատին վրայ պիտի տեղաւորէ Մայր Թերեզայի հսկայ պատկերը։
Հնդկաստանի մէջ 26 օգոստոսը հռչակուած է <<Որբերու ազգային օր>> եւ տօնակատարութիւնները սկիզբ առին 17 օգոստոսին իննօրեայ աղօթքներով ի պատրաստութիւն բացման պաշտօնական արարողութեան որ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պատարագով նախագահութեամբ՝ Կարտինալ Թելեսֆորի Թոփփոյի, Կալկաթայի Մայր Թերեզայի՝ Գթութեան Քոյրերու միաբանութեան Մայր Տան մէջ ներկայութեամբ՝ միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր՝ գերմանուհի Քոյր Բրէմայի։
Շաբաթ 28 օգոստոսին Մայրաքաղաք Տելհիի մէջ նախատեսուած է ոգեկոչման արարողութիւն մը Մայր Թերեզայի յիշատակին, որուն պիտի մասնակցի Հնդկաստանի նախագահ Փրաթիպհա Փադիլ. իսկ Հնդկաստանի կառավարութիւնը շրջանառութեան մէջ պիտի դնէ յիշատակի յատուկ դրամ մը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.