2010-08-25 14:00:47

Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսի Այցը ՜՜Գնալը՝՝ի Հայկական Ս. Գր. Լուսաւորիչ Եկեղեցին։


Յունաց տիեզերական Բարթողոմէոսի պատրիարքը այցելութիւն մը տուաւ Գնալը կղզիի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Արամ Աթէշեան սրբազանին կողմէ։

Պատրիարքը Սուրբ Սեղանին առջեւ աղօթք կատարեց, ապա առաջնորդուեցաւ Կազդուրման կայանի խաղավայրը, ուր դիմաւորուեցաւ մանուկներու կողմէ յունարէնով արտասանուած բարի գալստեան խօսքերով։ Բարթողոմէոս պատրիարքը իր գնահատանքը արտայայտեց, ի տես տիրող կանոնաւորութեան եւ օրհնեց մանուկները։ Ան մաղթեց, որ այս օրինակելի եւ առաքելութեան նպատակին ծառայող այս հաստատութիւնը գոյատեւէ տակաւին երկար տարիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.