2010-08-25 13:55:55

Ռուսիայէն Երեւան Վերադարձան Հայ Փրկարարները


Հրդեհաշիջման աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով Ռուսիա մեկնած Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան 28 հրշէջ փրկարարներն ու 4 հրշէջ մեքենաները, ժամանեցին Երեւան։ Անոնք Էրեբունի օդանաւակայանին մէջ հանդիսաւոր ընդունելութեան արժանացան։ Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեանը խոստացաւ իրենց գործը Ռուսատանի մէջ գերազանց կատարած հայ հրշեջ փրկարաներուն խրախուսել մասնագիտական տօնի օրը՝ Սեպտեմբեր 4-ին։ Պետական այցով Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ 20 Օգոստոսին երախտագիտութիւն յայտեց Հայաստանի Հանրապետութեան հրդեհաշիջման աշխատանքներուն մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ նախագահին զանգի եւ աջակցութեան առաջարկի, իսկ հայ փրկարարներուն բաւական վտանգաւոր, հրդեհներու մարման աշխատանքներուն խիզախութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.