2010-08-25 13:58:37

Նախապատրաստութիւններ՝ Սեպտեմբեր 19ին Աղթամարի Ս Խաչ Եկեղեցւոյ Պատարագին Համար։


Սեպտեմբեր 19ին, Աղթամարի Ս Խաչ եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի։ Կայանալիք արարողութեան նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են։
Մինչ թուականը կը մօտենայ, արձագանգներն ալ կ'աւելնան։ Թրքական մամուլին մէջ լոյս տեսած տուեալներով, Աղթամար կղզին ու պատմական եկեղեցին պիտի լուսաւորուին արեւի ուժանիւթով։ Կը նախատեսուի որ համապատասխան սարքաւորումները Էզինչ ընկերութեան կողմէ տեղադրուին այնտեղ։
Նոյն պահուն թրքական մամուլը շարունակ կ'արձագանգէ Վանի քաղաքապետութեան եւ բնակիչներու նպատակներուն, դիտել տալով թէ անոնք հայ ուխտագնացներ պիտի հիւրընկալեն, մեծ ուրախութեամբ
Ըստ Արմէնփրէսին 1915ին փակուած Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կայանալիք արարողութեան երկու ներկայացուցչներ պիտի մասնակցին Ս Էջմիածնի կողմէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.