2010-08-25 13:55:44

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Նախագահներու Վերջին Հանդիպումը Առանձնայատուկ է։


2008 թուականէն ի վեր Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Նախագահները գրեթէ 30 անգամ, հանդիպած են սակայն վերջին հանդիպումը , Հայրենի նախագահը որակեց առանձնայատուկ, քանի որ այն առաջին անգամ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի պետական այցելութեան ծիրէն ներս։ Նախագահ Սարգսեանի համաձայն ՜՜Փոխ վստահութեան մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումին տեղի ունեցած է բովանդակալից ու անկեղծ երկխօսութիւն՝՝։ Իսկ Մետվետեւ դիտել տուաւ որ ՜՜ Երկու նախագահներու հանդիպումներու տինամիկան կը վկայէ թէ Հայաստանը եւ Ռուսիան իրարու կապող առանձնայատուկ գործընկերային յարաբերութիւններ կան՝՝։Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան, տարածաշրջանի եւ միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցեր։ Երկու նախագահները առանձնազրոյցի ընթացքին անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին։








All the contents on this site are copyrighted ©.