2010-08-25 13:57:19

Աշխարհի Հայ Նկարիչներու Միաւորում


Աշխարհի հայ նկարիչներու միաւորումը արդէն իսկ մէկ տարի է, որ կը գործէ եւ այդ ընթացքին կազմակերպած է քանի մը ցուցահանդէսներ եւ այլ ձեռնարկներ, կապուած հայ արուեստի տարածման եւ լուսաբանման հետ (կը տեղեկացնէ միաւորման նախագահութիւնը):

Նշեալ միաւորումը ունի շուրջ 200 անդամ, բայց անոնցմէ միայն 5ը Սփիւռքէն է եւ այդ պատճառով յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուած է սփիւռքահայ ստեղծագործողներ անդամագրելու աշխատտանքին վրայ:

Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան քով արձանագրուած սոյն միաւորման անդամ կրնայ դառնալ ոեւէ հայ արուեստագէտ:








All the contents on this site are copyrighted ©.